Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Կոչ Կ՛ուղղէ` Իսրայէլը Մեղաւոր Ճանչնալու Պաղեստինի Մէջ Լարուածութեան Սրումին Համար

May 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիան միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` Իսրայէլը մեղաւոր ճանչնալու շրջանին մէջ լարուածութեան սրումին համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Թագաւորութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` ընդունելու, որ իսրայէլեան բռնագրաւումը մեղաւոր է (պաղեստինեւիսրայէլեան) տագնապի ներկայ սրումին համար, նաեւ (Իսրայէլին) կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու միջազգային արժեչափերը խախտող բոլոր գործողութիւնները», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ «խստօրէն կը դատապարտէ իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերու` Աքսայի մզկիթի անձեռնմխելիութեան վրայ կատարած բացայայտ յարձակումները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու անվտանգութեան դէմ ուղղուած քայլերը»:

«Թագաւորութիւնը կը սատարէ պաղեստինցիներուն եւ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են բռնագրաւման վերջ տալուն եւ Պաղեստինեան դատի արդարացի ու համապարփակ լուծման հասնելուն` թոյլ տալով պաղեստինցիներուն` ստեղծել իրենց անկախ պետութիւնը 1967 թուականի սահմաններուն մէջ», աւելցուցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախորդը

Միջերկրական Ծովուն Մէջ Միջադէպ` Թրքական Եւ Իտալական Ձկնորսական Նաւերու Միջեւ

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Կ՛առաջարկէ «Միջազգային Պաշտպանութեան Ուժեր» Ուղարկել Պաղեստին

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.