Իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդը երէկ գիշեր յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի վրայ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ ուժեղ յարձակում պիտի շղթայազերծէ:
Մինչ այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի` հրթիռակոծման ծիրը ընդլայնելու սպառնալիքէն ետք, Հայֆայի եւ Իլաթի շրջաններուն մէջ ապաստանարանները բացուած են:
Իսրայէլեան բանակի հարաւային շրջանի հրամանատար հազարապետ Էլիազար Թոլտանօ Կազայի սահմանին վրայ լրագրողներուն յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը Համաս շարժումի հրթիռային կարողականութենէն անակնկալի չեկաւ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ եւ իսրայէլեան բանակը որոշած են ճակատամարտ մղել, եւ ատիկա պիտի ընենք ողջախոհութեամբ եւ զգուշութեամբ` հսկայական վնասներ պատճառելու համար»:
«Պէտք է պատրաստ ըլլանք երկրի ամբողջ տարածքին հրդեհի ծագման», շեշտեց ան:
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարը իր կարգին հրամայեց բնական կազի «Թամար» հանքավայրը փակել` մեկնելով իսրայէլեան այն մտավախութենէն, որ կրնայ պաղեստինեան հրթիռներու թիրախ դառնալ:
Մինչ այդ, Համաս շարժումի զինուորական թեւը` «Քասսամ»-ի ջոկատները գուժեցին իրենց հրամանատարներէն Իսա Սուլայի, Կազայի ջոկատի հրամանատար Պասեմ Իսայի` «Ապի Իմատ»-ի եւ անոնց հետ խումբ մը զինակիցներու սպանութիւնը:
«Սարայա Քուտս» զինեալ խմբաւորումը իր կարգին գուժեց իր հրամանատարներէն Պասեմ Իսայի ու անոր զինակիցներուն սպանութիւնը: Զինեալ խմբաւորման ընդհանուր հրամանատարը յայտնեց. «Նեթանիահուի եւ անոր պարտուած բանակին կ՛ըսեմ, որ դիմադրութեան խմբակները իրենց ծրագիրները հաստատած են եւ իրենք զիրենք պատրաստած այսպիսի ճակատամարտներ ամիսներով մղելու»:
Համաս շարժումի բանբեր Ֆաուզի Պարհում իր կարգին ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է պատրաստուի «Քասսամ»-ի ջոկատներու հրամանատարներէն Պասեմ Իսայի սպանութեան գինը վճարելու: