Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Բացայայտած Է, Թէ Փութինը Ի՛նչ Նիւթերու Շուրջ Պատրաստ Է Խօսելու Պայտընի Հետ

May 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բացայայտած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ի՛նչ նիւթերու շուրջ պատրաստ է խօսելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները իրենք պիտի որոշեն վեհաժողովի քննարկման նիւթերը, Փութինը պատրաստ է քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ համաշխարհային խնդիրները», ըսած է ան:

Լաւրով աւելցուցած է, որ Փութինի եւ Պայտընի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ հաւասարութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու սկզբունքներու վրայ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումը կրնայ կայանալ յառաջիկայ շաբաթներուն: Ան այս մասին յայտարարած էր իսլանտական ՌՈՒՎ պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Շատ հաւանական է, որ մեր նախագահները հանդիպին յառաջիկայ շաբաթներուն», յայտարարած էր Պլինքըն: Մինչդեռ Լաւրով, ամփոփելով Պլինքընի հետ բանակցութիւնները, չէր պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք Մոսկուան արտօնա՞ծ է Փութինի եւ Պայտընի հանդիպումը:

Երբ Պլինքընի հետ հանդիպումէն ետք հարցուցած էին վեհաժողովին մասին, նախարարը ի պատասխան միայն շնորհակալութիւն յայտնած էր լրագրողներուն: Աւելի ուշ, Լաւրով կատակով աւելցուցած էր. «Մենք մաքսատուն չենք, որ արտօնենք»:

Պայտըն 13 ապրիլի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութինին առաջարկած էր յառաջիկայ շաբաթներուն հանդիպիլ երրորդ երկրի մէջ: Ռուսական կողմը տակաւին պաշտօնապէս չէ համաձայնած հանդիպման, սակայն Քրեմլինի մէջ արդէն նշած են վեհաժողովի կատարման հաւանական թուականները եւ խոստացած ծրագրելու ընթացքին նկատի ունենալ համաճարակաբաններու խորհուրդները:

Պայտըն քանիցս վստահութիւն յայտնած է, որ Փութինի հետ իր հանդիպումը պիտի կայանայ յառաջիկային: Բեւեռական խորհուրդի նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ Լաւրովի եւ Պլինքընի հանդիպումը տեւած է գրեթէ երկու ժամ:

 

Նախորդը

«Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան» (13-րդ) «Քրիստափոր Միքայէլեանի Անտիպ Նամակները» Եւ «Նիկոլ Դուման. Նամականի» Հատորներու Շնորհահանդէս Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

«Իրան Սէուտական Արաբիոյ Քայլերուն Եւ Մեր Նկատմամբ Ռիատի Վարմունքին Փոփոխութիւնը Կը Սպասէ» Կ՛ըսէ Խաթիզպազէ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.