Ռուսական երեք «Թու-22էմ3» հեռահար ռմբաձիգ ուղարկուած է Սուրիա: «Քորրեսփոնտենթ», վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ նման տեսակի օդանաւերու «Հմէյմիմ» ռազմակայանին մէջ տեղակայումը առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ:
Կը հաղորդուի, որ հեռահար ռմբաձիգներու անձնակազմերը նոր ունակութիւններ ձեռք պիտի բերեն նոր աշխարհագրական շրջաններու մէջ ուսումնական առաջադրանքներ կատարելով:
Նաեւ կը նշուի, որ «Հմէյմիմ» ռազմակայանին մէջ աւարտած է երկրորդ էջուղիի կառուցումը: Այժմ ռազմակայանէն պիտի կարենան թռիչքներ կատարել բոլոր տեսակի օդանաւերը, որոնք կը գտնուին Ռուսիոյ սպառազինութեան մէջ: