Ռուհանի. «Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Ամերիկայի Հետ Առկախ Մնացած Գլխաւոր Հարցերը Լուծուեցան»
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ առկախ մնացած գլխաւոր հարցերը լուծուած են` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ կարգ մը երկրորդական հարցեր տակաւին կը յամենան: Ան այս մասին յայտարարեց Իրանի կառավարութեան նիստին ընթացքին: «Եթէ կամքը այն է, որ կառավարութիւնը այս աշխատանքը կատարէ, ապա կ՛ըսեմ, որ կառավարութիւնը այս աշխատանքը կատարեց», ըսաւ Ռուհանի: «Ամերիկացիները տեսան, թէ չեն կրնար...




















