Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Իրան Սէուտական Արաբիոյ քայլերուն եւ Ռիատի` մեր նկատմամբ վարմունքի փոփոխութեան կը սպասէ»:
Խաթիպզատէ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ շրջանային որեւէ երկխօսութեան մասնակցութիւնը, «եւ կը կարծենք, որ Ռիատ կրնայ շինիչ դերակատարութիւն ունենալ, պայմանով, որ փոխէ շրջանին մէջ կիրարկուող իր քաղաքականութիւնը»: