Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յոյս յայտնած է, որ Անդրկովկասի մէջ շուտով կը սկսի փոխադրամիջոցային ճամբաներու ապաշրջափակումը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետը այս մասին յայտարարած է Թվերի վակոնաշինական գործարանին մէջ արտադրուած 20 նոր ճամբորդատար վակոնները Հայաստանի «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ին ուղարկելու արարողութեան ժամանակ:
«Մենք բոլորս յոյսով ու հաւատքով ենք, որ այստեղ ողջամտութիւնը պիտի գերակշռէ, եւ մենք շուտով պիտի կարենանք սկսիլ Անդրկովկասի փոխադրամիջոցային ճամբաներու ապաշրջափակման հոլովոյթը», ըսած է Օվերչուք:
Ռուսիոյ փոխվարչապետը նաեւ յայտնած է, որ Տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի յաջորդ հանդիպման ժամկէտը կախեալ է Երեւանէն եւ Պաքուէն:
«Շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ աշխատանքները մինչեւ հիմա բաւական կառուցողական եղած են», ըսած է ան` յոյս յայտնելով, որ կողմերու ողջախոհութեան շնորհիւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի եւ համապատասխանաբար Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ազրպէյճանի տարածքով երկաթուղային եւ ճանապարհային երթեւեկութեան համար:
Կարեւոր նկատելով Հայաստանի համար նոր վակոններու մատակարարումը` Օվերչուք յայտնած է, որ յաւելեալ 7 նոր վակոն կը նախատեսուի Հայաստան ուղարկել մինչեւ յունիս 2021-ի վերջը: