Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Քննարկման Ենթակայ Չէ»

May 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը քննարկման ենթակայ չէ: Ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս մասին յայտարարած է «Հարաւային Կովկաս. Շրջանային զարգացումներ եւ համագործակցութիւն» նիւթով քննարկումներուն ժամանակ»:

«Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Պաքուն պատրաստ է Երեւանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատելու, սակայն ատոր համար Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պէտք է ճանչնան մէկզմէկու սահմանները:

«Մենք պատրաստ ենք Հարաւային Կովկասի երկիրներուն, ներառեալ Հայաստանի հետ ազատ առեւտուր կատարելու: Սակայն ատիկա կը պահանջէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններու փոխադարձ ճանաչում: Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ճանչնալու Հայաստանի սահմանները: Սակայն Հայաստանը նոյնպէս պէտք է ճանչնայ Ազրպէյճանի սահմանները, ներառեալ Ղարաբաղը` իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Այնպէս, որ մենք հայկական կողմէն քայլերու կը սպասենք», յայտարարած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, 30 հազար հայ կ՛ապրի Ղարաբաղի այն տարածքներուն մէջ, որոնք ներկայիս կը գտնուին ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: «Մենք զանոնք կը նկատենք Ազրպէյճանի քաղաքացիներ, որոնց ուղեղները լուացած են հայկական քարոզչութեամբ», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը չէ բացառած նաեւ ուժանիւթային հարստութեան մատակարարումը Հայաստանին: «Կը կարծեմ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին, օրինակ, ուժանիւթին: Ազրպէյճան կրնայ դէպի Հայաստան ուժանիւթային հարստութիւններու կարողական մատակարար ըլլալ», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Ալիեւ այդ քննարկումներուն ժամանակ նաեւ անդրադարձած էր Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան եւ համարկման հարցով ազրպէյճանական կողմի կատարած առաջարկներուն եւ յայտարարած, որ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հոլովոյթը սկսած է:

«Մենք համագործակցութեան առաջարկ ըրած ենք Հայաստանին փոխադրամիջոցային հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար` Զանգեզուրի միջանցքի բացման վերաբերեալ, որ պիտի միաւորէ Ազրպէյճանը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը երկաթուղային կապ պիտի ունենայ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Հոլովոյթը սկսած է, ընթացքի մէջ է: Ատիկա դիւրին չէ, սակայն սկսած է, եւ մենք աջակցութեան կարիք ունինք թէ՛ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, շրջանի երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը: Եւ ցաւալի պիտի ըլլայ, որ Հայաստանը կորսնցնէ այս կարելիութիւնը, ասիկա վերջին կարելիութիւնն է», յայտնած էր ան:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Հարցը Կը Քննարկուի Թէ՛ Պաքուի, Թէ՛ Երեւանի Հետ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 21-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.