Պլինքըն Յայտնած Է Կազա Ամերիկեան Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկելու Կարելիութեան Մասին
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման կարելիութիւնները եւ յայտնած այդ նպատակով Կազա ամերիկեան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու կարելիութեան մասին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը հաղորդէ` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի գրաւոր յայտարարութեան, որ հրապարակուած է երկու երկիրներու պաշտօնատարներու բանակցութիւններէն...




















