Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ առկախ մնացած գլխաւոր հարցերը լուծուած են` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ կարգ մը երկրորդական հարցեր տակաւին կը յամենան: Ան այս մասին յայտարարեց Իրանի կառավարութեան նիստին ընթացքին:
«Եթէ կամքը այն է, որ կառավարութիւնը այս աշխատանքը կատարէ, ապա կ՛ըսեմ, որ կառավարութիւնը այս աշխատանքը կատարեց», ըսաւ Ռուհանի:
«Ամերիկացիները տեսան, թէ չեն կրնար Իրանը պարտութեան մատնել, ուստի Պայտըն իր ընտրական քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրէ, պիտի վերադառնայ հիւլէական համաձայնագիրին», յայտնեց Իրանի նախագահը:
«Ոմանք կը կարծեն, թէ Պայտըն այս խօսքը նոր ըսաւ, սակայն իրականութեան մէջ ան զայն ըսաւ ընտրապայքարի օրերուն ընթացքին», ըսաւ Ռուհանի:



