Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ, անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի Ազրպէյճան եւ Հայաստան այցելութեան, յայտարարած է. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար Կովկասի մէջ` իր սահմաններուն մօտ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին: Այս այցելութեան նպատակն էր շարունակել խաղաղ հոլովոյթը: Իրանը միշտ ունեցած է առաւելագոյն հաղորդակցութիւն այդ մայրաքաղաքներուն հետ: Արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան ընթացքին իրադարձութիւնները մանրամասն նկարագրուած էին»:
Յիշեցնենք, որ Զարիֆ անցեալ շաբաթ այցելած էր Պաքու եւ Երեւան: