Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պիտի Չհրաժարի «Էս-400» Համակարգերէն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յունիս 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան չի կրնար ընդունիլ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն հրաժարելու վերաբերեալ այլ երկիրներու առաջարկները: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Էս-400»-ը հարիւր առ հարիւրով պիտի ըլլայ վերահսկողութեան տակ: Մենք շատ մասնագէտներ ուղարկած ենք վերապատրաստման: Թուրքիոյ մէջ ռուս զինուորներ պիտի չըլլան»:

«Սակայն նոյն ատեն, մենք չենք կրնար ընդունիլ այլ երկիրներու առաջարկը, որ չօգտագործենք «Էս-400»-ը», աւելցուցած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր նոյեմբեր 2016-ին, իսկ վաճառքի մասին համաձայնագիրը կնքուած էր սեպտեմբեր 2017-ին:

Ձեռք բերուած հակաօդային պաշտպանութեան 4 համակարգերու արժէքը 2,5 միլիառ տոլար է:

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Ռուսական
«
Էս-400»-ի Այլընտրանք Առաջարկած Են

 Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ այլընտրանքային առաջարկ ներկայացուցած են` ռուսական «Էս-400»-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելուն հակազդելու համար: 28 մայիսին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուենտի Շըրմըն:

Ըստ անոր, այժմ Ուաշինկթըն կը սպասէ Անգարայի որոշումին:

«Էս-400»-ի գնումը խնդիր կը յառաջացնէ ՕԹԱՆ-ի մէջ: Մենք այլընտրանքային առաջարկ ներկայացուցած ենք, անոնք յստակ գիտեն` ինչ ընել: Յոյսով եմ, որ կրնանք հասարակաց լեզու գտնել», ըսած է Շըրմըն:

 

 

Նախորդը

«Խրիմի Հարցին Մէջ Մեր Դիրքորոշումը Յայտնի Է, Եւ Ոչ Ոք Պէտք Է Նեղանայ Մեր Կողմէ Ուքրանիոյ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Վաճառքէն. Ասիկա Առեւտուր Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուող Փոխադրամիջոցային Ենթակառոյցները Շատ Կարեւոր Են Թուրքիոյ Համար» Կ՛ըսէ Քարաիսմայիլօղլու

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?