Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Եւ Յունաստանը Սկսած Են Աշխատիլ Համագործակցութեան Ուղղուած Յատուկ Նախագիծերու Շուրջ, Արդէն Համաձայնութիւն Կայ 25 Կէտով»

June 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան պատրաստ է յունական կողմին հետ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու` առանց բոլոր բնագաւառներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման նախապայմաններու: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` իր յոյն գործընկեր Նիքոս Տենտիասի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Ըստ թրքական դիւանագիտութեան պետին, երկու կողմերն ալ ունին քաղաքական կամք` ապահովելու Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ շարունակական երկխօսութիւնը:

Ան նշած է, որ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ պատուիրակութիւններու հետ հանդիպումներուն ընթացքին համապարփակ կերպով քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային խնդիրները:

«Մենք սկսած ենք աշխատելու համագործակցութեան ուղղուած յատուկ նախագիծերու ուղղութեամբ, եւ արդէն յաջողած ենք նախնական համաձայնութեան գալ 25 կէտերու շուրջ: Յառաջիկային պիտի հաւաքուին մեր համապատասխան հաստատութիւնները. փոխադրամիջոցներէն մինչեւ ուժանիւթ, զբօսաշրջութենէն մինչեւ շրջակայ միջավայր, առեւտուրէն մինչեւ համագործակցութեան լայն շրջանակ», ըսած է Չաւուշօղլու:

Բացի ատկէ, թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը ուշադրութեան հրաւիրած է այն բանի վրայ, որ Թուրքիան եւ Յունաստանը համաձայնութիւն ձեռք բերած են «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթերու փոխադարձ ճանաչման հարցին մէջ:

Չաւուշօղլու յիշեցուցած է, որ թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ ալ Յունաստանը նման համաձայնութեան եկած են շարք մը այլ երկիրներու հետ:

Մասնաւորաբար, Թուրքիան նման համաձայնութեան եկած է Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիոյ եւ Պուլկարիոյ, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ հետ:

«Կը հաւատամ, որ յունական կողմին հետ երկուշաբթի օր ձեռք բերուած համաձայնութիւնը փոխադարձ դրական ներդրում պիտի ունենայ երկու երկիրներու զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ: Մենք կ՛ուզենք յառաջիկայ ժամանակահատուածին մէջ բազմապատկել այս դրական քայլերը, մասնաւորաբար` զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան առումով», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:

 

 

Նախորդը

Լրտեսական Գայթակղութիւն Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ. Մաքրոն Եւ Մերքել Դատապարտած Են Միացեալ Նահանգները

Յաջորդը

«Խրիմի Հարցին Մէջ Մեր Դիրքորոշումը Յայտնի Է, Եւ Ոչ Ոք Պէտք Է Նեղանայ Մեր Կողմէ Ուքրանիոյ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Վաճառքէն. Ասիկա Առեւտուր Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.