Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրտեսական Գայթակղութիւն Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ. Մաքրոն Եւ Մերքել Դատապարտած Են Միացեալ Նահանգները

Յունիս 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Դանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած են բացատրել լրտեսական գայթակղութիւնը: «Դաշնակիցները լրտեսելը անընդունելի է: Պերլինը եւ Փարիզը դանիական ու ամերիկեան կողմերէն ամբողջական բացատրութիւն կ՛ակնկալեն», ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ին` ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` գերմանաֆրանսական նախարարական խորհուրդի ընթացքին:

Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը մատնանշած է «ընկերներուն լրտեսելու» անթոյլատրելիութիւնը: Մերքել աւելցուցած է, որ Պերլինը «հանգիստ է» Դանիոյ իշխանութիւններուն դիրքորոշումէն, ինչ որ «լաւ հիմք է վստահութիւն կառուցելու համար` փաստերու բացատրութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ»:

Քոփենհակընը արդէն խուսափած է լրտեսութեան մէջ ներգրաւուելու մեղադրանքներէն: «Մերձաւոր դաշնակիցները համակարգուած գաղտնալսելը անընդունելի է», ըսած է Դանիոյ պաշտպանութեան նախարար Թրինէ Պրամսեն:

Դանիոյ զինուորական հետախուզական ծառայութեան աշխատանքային խումբը նախապէս եզրակացուցած էր, որ Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը` Միացեալ Նահանգներու հետախուզական համայնքի կազմին մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումը, կը լրտեսէ Գերմանիոյ, Շուէտի, Նորվեկիոյ եւ Ֆրանսայի յառաջատար քաղաքական գործիչները եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ներառեալ Գերմանիոյ վարչապետը:

Փորձագէտներու եզրակացութիւնները, որոնք կը վերաբերին 2012-էն 2014 թուականներուն ինկած ժամանակահատուածին, հրապարակուած են եւրոպական շարք մը լրատուամիջոցներու կողմէ: Քննիչներու համաձայն, ամերիկեան կողմը որսացած է բջիջայինով կարճ նամակները, հեռաձայնային զրոյցները եւ այլ տեղեկութիւններ դանիական ստորջրեայ հաղորդակցման թելերուն միջոցով` օգտուելով Դանիոյ զինուորական հետախուզութեան հետ համագործակցութենէն:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Եւ Յունաստանը Սկսած Են Աշխատիլ Համագործակցութեան Ուղղուած Յատուկ Նախագիծերու Շուրջ, Արդէն Համաձայնութիւն Կայ 25 Կէտով»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?