Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Կը Մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ Առաջին Հիւլէական Ելեկտրակայանի Շինարարական Աշխատանքներու Մրցումին

June 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիան եւ Ռուսիան կը համագործակցին հիւլէական ուժանիւթի ոլորտին մէջ, որուն ծիրին մէջ Ռուսիան կը մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ մէջ հիւլէական նոր հնոցներու կառուցման աշխատանքներուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Ապտել Ազիզ պըն Ալ Սէուտը:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք նախապէս յայտարարած էր, որ Մոսկուան Ռիատի առաջարկած է համագործակցիլ հիւլէական ուժանիւթի ոլորտին մէջ երրորդ երկիրներու տարածքին մէջ` ներառեալ փոքր հզօրութեան հիւլէական ելեկտրակայաններու կառուցման ձեւաչափին մէջ, յիշեցնելով, որ Ռուսիան կը տիրապետէ հիւլէական փոքր կայաններու կառուցման ճարտարագիտութիւններուն` նախատեսուած ցամաքային եւ ծփացող հիւլէակայաններու համար: Այս պատճառով ալ, ըստ ռուսական կողմին, Մոսկուան պատրաստ է համապատասխան առաջարկներ ներկայացնելու սէուտական կողմին` այս ուղղութեամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու պարագային:

Ռուսիան ներկայիս կը մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ մէջ մեծ հզօրութիւն ունեցող հիւլէական կայան կառուցելու համար յայտարարուած մրցումին. «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը, յաղթահարելով մրցումին առաջին փուլերը, աշխատանքային առաջարկ ներկայացուցած է:

Սէուտական Արաբիան կը փնտռէ այնպիսի ընկերութիւն մը, որ պիտի զբաղի երկրին մէջ կառուցուող առաջին հիւլէական կայանի երկու ուժանիւթային պլոքի շինարարական աշխատանքներով: Այս իրաւունքը ձեռք բերելու համար Ռուսիայէն բացի մրցութային դիմում ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Հարաւային Քորէան եւ Ֆրանսան ներկայացնող ընկերութիւններ:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Առաջնորդները Հանդիպում Ունեցած Են Գեղարքունիքի Մարզի Քաղաքացիներուն Հետ

Յաջորդը

Սալիվըն Մաքրոնի Խորհրդականին Հետ Քննարկած Է ՕԹԱՆ-ի, Ռուսիոյ, Չինաստանին Եւ Իրանին Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.