Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Թուրքիոյ «Յոգնեցուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Կեղծ Մեղադրանքները». «Պայտընի Հետ Հանդիպումիս Ընթացքին Պիտի Հարցնեմ, Թէ Մեր Յարաբերութիւնները Ինչո՞ւ Այսքան Սրած Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յունիս 3, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումին ընթացքին կը պատրաստուի քննարկելու Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան պատճառները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Ես պիտի հարցնեմ, թէ մեր յարաբերութիւնները ինչո՞ւ այսքան սրած են», ըսած է Էրտողան եւ նշած, թէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման տարիներուն լարուածութիւնը այդ աստիճանի չէր, ինչպէս նաեւ նման լարուածութիւն չէ եղած նախկին դեմոկրատական նախագահներուն օրերուն:

Թուրքիոյ նախագահը Պայտընի վարչակազմը մեղադրած է Անգարայի մէջ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` ՔԱԿ-ին աջակցութիւնը շարունակելու համար:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսին` ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ «յոգնեցուցած են Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով կեղծ մեղադրանքները»:

«Ատիկա մեզի արդէն յոգնեցուցած է: Մենք բազմիցս ըսած ենք` եկէք այդ հարցը ձգենք պատմաբաններու, գիտնականներու ուսումնասիրութեան, ատիկա քաղաքականութեան հարց չէ: Դուք մեզ կը մեղադրէք այն ժամանակ, երբ որեւէ խնդիր չկայ: Երկար տարիներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ Միացեալ Նահանգները, չէ յաջողած լուծել հայ-ազրպէյճանական խնդիրը: Իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճան ինքը լուծած է իր խնդիրը: Ինչպէ՞ս կրնաք Թուրքիան մեղադրել ցեղասպանութեան համար փաստերու բացակայութեան պարագային, եթէ կ՛անտեսէք նման պատմական փաստը: «Ցեղասպանութիւն» եզրը դեմոկրատականները չէին արտաբերած մինչեւ Պայտըն: Արդէն բաւ է: Մենք որեւէ վերաբնակեցուած պետութիւն չենք, անոնք, որոնք կը փորձեն Թուրքիան նեղը մատնել, պիտի կորսնցնեն ՕԹԱՆ-ի իրենց ուժեղ դաշնակիցը», ըսած է Էրտողան:

 

 

Նախորդը

Անգարա Թել Աւիւին Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Թուրքիոյ Նկատմամբ Իր Դիրքորոշումը

Յաջորդը

«Ռուս Խաղաղապահները Կը Կատարեն Կրակոցի Դադրեցման Ապահովման Առաքելութիւնը. Մենք Այս Հարցին Մէջ Ֆրանսայի Որեւէ Դերակատարութիւն Չենք Տեսներ» Կ՛ըսէ Ապտուլլայեւա

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?