Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հանդիպումը շատ կարեւոր է, սակայն ատկէ շատ ակնկալիքներ ունենալը սխալ պիտի ըլլայ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով Քրեմլինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովի խօսքերը:
Փեսքով ռուսական պատկերասփիւռի առաջին ալիքի եթերէն ըսած է. «Այս հանդիպումը շատ, շատ կարեւոր է: Եկէք այսպէս ըսենք` մեծ ակնկալիքներ ունենալը սխալ պիտի ըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ երկու պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16 յունիսին, Ժընեւի մէջ: