Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա, մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մէկ օր առաջուան յայտարարութիւնը, երէկ ըսած է. «Շրջանին մէջ կրակոցի դադրեցումը կ՛ապահովուի 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ»:
«Ժամանակաւորապէս «Ազրպէյճանի տարածքին մէջ» տեղակայուած ռուս խաղաղապահները կը կատարեն կրակոցի դադրեցման ապահովման առաքելութիւնը: Մենք այս հարցին մէջ Ֆրանսայի որեւէ դերակատարութիւն չենք տեսներ», ըսած է բանբերը:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Մաքրոն ըսած էր. «Հայաստանը բախած է անվտանգութեան ճգնաժամի, իսկ Ֆրանսան հաստատակամ է, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի` նկատի ունենալով, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր, եթէ նոյնիսկ, ընդհանուր առմամբ, զինադադարը կը պահպանուի, միեւնոյնն է, ընելիքները շատ են»:
Մաքրոն ընդգծած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատում պէտք է կատարուի բացառապէս երկխօսութեան միջոցով եւ ոչ մէկ պարագայի պէտք է ուժի դիմել:
«Ազրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ վերադառնալու 11 մայիսի դրութեամբ եղած դիրքեր», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը: Ֆրանսան պիտի փորձէ աջակցիլ երկխօսութեան հաստատման հարցին մէջ: Մաքրոն ընդգծած է, որ այս դժուար կացութեան մէջ, որուն մէջ յայտնուած է Հայաստանը, Ֆրանսան, ինչպէս միշտ, Հայաստանի կողքին է: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կարեւոր նկատած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայերը ազատ արձակելու կարեւորութիւնը:
Ապտուլլայեւա այս առնչութեամբ նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը պատերազմական գերիներու փոխանակման հարցին մէջ միշտ ալ ունեցած է «բոլորը` բոլորին դիմաց» սկզբունքը:
«Ինչպէս բազմիցս նշած ենք, Ազրպէյճանի մէջ հայկական ծագումով պատերազմական գերիներ չկան: Ինչ կը վերաբերի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք 26 նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի տարածք ուղարկուած ներթափանցման խումբի անդամներուն, որոնք այնտեղ ահաբեկչութիւն կատարած են, ինչպէս նաեւ հետախուզական խումբի անդամներուն, որոնք 27 մայիսին փորձած են ականապատել Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանի ուղղութեամբ ճամբաները, ապա անոնց պատերազմական գերիներ չեն», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Բացի ատկէ, Ապտուլլայեւա անդրադարձած է Մաքրոնի խօսքին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանման օգտագործման` ընդգծելով. «Այդպիսի վարչատարածքային միաւոր գոյութիւն չունի»:
«Ինչ կը վերաբերի խօսքին մէջ բարձրացուած ուղղակի երկխօսութեան հարցին, ապա ատիկա արդէն ընթացքի մէջ է: Իբրեւ հիմք ընդունելով 11 յունուար 2021-ին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն ստորագրած յայտարարութիւնը` հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան փոխվարչապետներու մակարդակով, եւ տեղի կ՛ունենայ երկխօսութիւն: Բայց եւ այնպէս, Ֆրանսան այս հոլովոյթին մէջ որեւէ դեր չի խաղար:
«Ինչ կը վերաբերի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին, ինչպէս մենք յայտարարեցինք, Ազրպէյճանը կը սատարէ սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկին, եւ այդ հոլովոյթը պէտք է կարգաւորուի բանակցութիւններու միջոցով», նշած է Ապտուլլայեւա` շեշտելով. «Անհասկնալի է շրջան Ֆրանսայի վճռական վերադարձի մասին յայտարարութիւնը, որովհետեւ Ֆրանսան համանախագահ երկիր է եւ 1997 թուականէն կը մասնակցի շրջանային հոլովոյթներուն, ուստի այս յայտարարութիւնը անհասկնալի է»: