Թուրքիոյ հետ առողջ յարաբերութիւններ պահպանելու համար Իսրայէլ պէտք է հրաժարի իր «սխալ քաղաքականութենէն»` անկախ ձեւաւորուած կառավարութեան կազմէն: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Թրքական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, կառավարութեան ձեւաւորումը Իսրայէլի ներքին գործն է եւ կարեւոր է ոչ թէ այն, թէ ո՛վ պիտի ձեւաւորէ կառավարութիւնը, այլ թէ նոր կառավարութիւնը ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէ:
«Անհրաժեշտ է դադրեցնել Պաղեստինի դէմ յարձակումները: Բացի ատկէ, Իսրայէլ պէտք է հրաժարի այն քայլերէն, որոնք կրնան խաթարել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման հոլովոյթը` «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդներու համար» սկզբունքով: Անհրաժեշտ է վերադառնալ խաղաղութեան հոլովոյթին», ընդգծած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Իսրայէլ պէտք է հրաժարի այս քաղաքականութենէն` Անգարայի հետ առողջ յարաբերութիւններ հաստատելու համար:
«Եթէ այս քաղաքականութիւնը շարունակուի, մենք պիտի չկարենանք առողջ յարաբերութիւններ պահպանել: Բայց եւ այնպէս, եթէ Իսրայէլը վերադառնայ խնդիրի` երկու պետութիւններու սկզբունքի հիման վրայ լուծման, ուր շրջագիծերը չափազանց պարզ են, եւ խաղաղութեան հոլովոյթին, ան աւելի առողջ յարաբերութիւններ պիտի ստանայ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ բոլորին հետ», ըսած է Չաւուշօղլու:



