Միջազգային

«Եւրոպական Միութիւնը Համաշխարհային Ուժ  Պիտի Դառնայ Միայն Այն Պարագային,  Երբ Թուրքիան Անդամակցի Անոր»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Եւրոպական Միութիւնը Համաշխարհային Ուժ Պիտի Դառնայ Միայն Այն Պարագային, Երբ Թուրքիան Անդամակցի Անոր» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ իր երկրին իշխանութիւնները նախկինին պէս հաւատարիմ են Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գաղափարին, աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը համաշխարհային ուժ պիտի դառնայ միայն այն պարագային, երբ Թուրքիան անդամակցի անոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Լ՛Օփինիոն» օրաթերթը: «Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները պէտք չէ գերի ըլլան քանի մը յամառ անդամ պետութիւններու առաւելապաշտական եւ ազգայնական յաւակնութիւններուն:...

Իրաքի Նախագահը Կը Դատապարտէ Մախմուրի  Գաղթակայանին Վրայ Թուրքիոյ Յարձակումը. Էրտողան  Կը Խօսի ՔԱԿ-ի Հրամանատարի Մահուան Մասին

Իրաքի Նախագահը Կը Դատապարտէ Մախմուրի Գաղթակայանին Վրայ Թուրքիոյ Յարձակումը. Էրտողան Կը Խօսի ՔԱԿ-ի Հրամանատարի Մահուան Մասին

Իրաքի նախագահ Պահրամ Սալեհ դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէ իրաքեան Մախմուր շրջանին մէջ գտնուող գաղթակայանին մօտ կատարուած օդային յարձակումը` զայն կոչելով «վտանգաւոր մագլցում»: Այս մասին կը հաղորդէ իրաքեան «Էն.Առ.Թի.» լրատուականը: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի անուան տակ թրքական օդային եւ ցամաքային գործողութիւններու ծիրին մէջ անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն զոհուած են 3 խաղաղ քաղաքայիններ: Իրաքի նախագահի գրասենեակին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը...

Սթոլթենպերկ Կ՛առաջարկէ  ՕԹԱՆ-Ռուսիա Խորհուրդի Նիստ Հրաւիրել

Սթոլթենպերկ Կ՛առաջարկէ ՕԹԱՆ-Ռուսիա Խորհուրդի Նիստ Հրաւիրել

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ դաշինքի Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախօրեակին առաջարկած է Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստ գումարել: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը: «Ես պիտի ուզէի Ռուսիան հրաւիրել` մասնակցելու Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստին: Մենք շատ նիւթեր կուտակած ենք քննարկման համար», աւելցուցած է ան: Ըստ Սթոլթենպերկի, ինք առաջարկած էր, որ Մոսկուան նոր հանդիպում ունենայ շուրջ մէկ տարի առաջ, սակայն...

Փաքիստանի Մէջ 2 Գնացքի Բախումին  Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Փաքիստանի Մէջ 2 Գնացքի Բախումին Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Երէկ Փաքիստանի հարաւը առնուազն 50 զոհ եւ 70 վիրաւոր արձանագրուած է երկու ճամբորդատար գնացքներու բախումին պատճառով: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ճէօ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով ոստիկանութիւնը եւ փրկարարները: Արկածը տեղի ունեցած է Սինտի հարաւային նահանգի Կոթքի քաղաքի շրջանին մէջ: Գնացքներէն մէկը դուրս եկած է երկաթուղիէն, որուն պատճառով ալ երկրորդ գնացքը անոր բախած է: Փաքիստանեան ոստիկանութեան ներկայացուցիչը...

Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ  Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները եւ պահուող անձերը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակուած է հետեւեալ գրառումը. «Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին զարգացումները մտահոգիչ են եւ վտանգաւոր. անհրաժեշտ է անյապաղ լարուածութեան մեղմացում: Մենք կը շարունակենք Ազրպէյճանին կոչ ուղղել անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը»: Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց...

ՕԹԱՆ-ը «Լուրջ Մարտահրաւէր» Կը Տեսնէ  Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Միջեւ  Համագործակցութեան Խորացման Հարցին Մէջ

ՕԹԱՆ-ը «Լուրջ Մարտահրաւէր» Կը Տեսնէ Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Միջեւ Համագործակցութեան Խորացման Հարցին Մէջ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ կը նկատէ հետզհետէ աւելի աշխուժ համագործակցութիւն, ինչ որ «լուրջ մարտահրաւէր» կը ներկայացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք կը նշենք, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը վերջերս աւելի ու աւելի կը համագործակցին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ալ զինուորական ոլորտներուն մէջ», գերմանական «Վելթ ամ Մոննթակ» թերթին հետ զրոյցի...

«Մենք Ռուսիոյ Հետ Նոր Բախում Չենք Փնտռեր,  Կ՛ուզենք Կայուն Եւ Կանխատեսելի Յարաբերութիւններ  Այնտեղ Ու Այն Հարցերուն Մէջ Ուր Ռուս  Գործընկերներու Հետ Կարելի Է Աշխատիլ»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Մենք Ռուսիոյ Հետ Նոր Բախում Չենք Փնտռեր, Կ՛ուզենք Կայուն Եւ Կանխատեսելի Յարաբերութիւններ Այնտեղ Ու Այն Հարցերուն Մէջ Ուր Ռուս Գործընկերներու Հետ Կարելի Է Աշխատիլ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներ չեն ձգտիր տագնապ ստեղծել Ռուսիոյ հետ, ընդհակառակն` հետաքրքրուած են կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ ունենալ այն ոլորտներուն մէջ, ուր երկիրները կրնան աշխատիլ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ: «Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ես բաց եւ անկեղծ եղած եմ: Մենք Ռուսիոյ հետ...

Յորդանանի Մէջ Ալիա Թագուհիի  Օդակայանին Մօտ Բախումներ

Յորդանանի Մէջ Ալիա Թագուհիի Օդակայանին Մօտ Բախումներ

Յորդանանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զինեալ յարձակումներ երէկ թիրախ դարձուցած են Ալիա թագուհիի միջազգային օդայականին մօտ Մալիհա շրջանին մէջ գտնուող ապահովական ուժերը եւ վիրաւորներ պատճառած: Յորդանանեան պետական լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան, հաղորդեց, որ խորհրդարանի անդամակցութիւնը սառեցուած երեսփոխան Ուսամա Աժարմայի համակիրները, որոնք 150 ինքնաշարժներով էին, կրակ բացած են ու անկարգութիւններ կատարած Ըմ Պասաթին շրջանին մէջ եւ ծանրօրէն...

Թրքական Օդուժին Կողմէ Հիւսիսային Իրաքի  «Մախմուր» Գաղթակայանի Ռմբակոծումը Զոհեր Կը Պատճառէ

Թրքական Օդուժին Կողմէ Հիւսիսային Իրաքի «Մախմուր» Գաղթակայանի Ռմբակոծումը Զոհեր Կը Պատճառէ

Իրաք Թրքական Ուժերուն Իր Հողերէն Հեռացումը Կը Պահանջէ Թրքական պատերազմական օդանաւեր շաբաթ օր հիւսիսային Իրաքի մէջ ռմբակոծեցին «Մախմուր» գաղթակայանը, որուն պատճառով երեք քաղաքայիններ զոհուեցան եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է քիւրտ երեսփոխան Ռաշատ Ժալալի: Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած էր նշեալ գաղթակայանը «մաքրել»: Նինուէ նահանգի «Մախմուր» գաղթակայանի բնակիչ քիւրտ...

Նախագահի Պաշտօնի Թեկնածուներու  Պատկերասփռուած Բանավէճէն Ետք.  Իրանեան Կառավարութիւնը  Հակադարձելու Իրաւունք Կը Պահանջէ

Նախագահի Պաշտօնի Թեկնածուներու Պատկերասփռուած Բանավէճէն Ետք. Իրանեան Կառավարութիւնը Հակադարձելու Իրաւունք Կը Պահանջէ

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի մերժեց երկրի նախագահի պաշտօնի թեկնածուներու պատկերասփռուած բանավէճի ընթացքին կարգ մը թեկնածուներու` կառավարութեան նկատմամբ ունեցած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները: Ան պետական պատկերասփիւռի կայանի նախագահին իր յղած բողոքի նամակին մէջ պահանջեց զինք հիւրընկալել եւ ժամանակ տրամադրել, որ պաշտօնապէս հակադարձէ այդ ակնարկներուն: Իրանի նախագահի տեղեկատուական հարցերու օգնական Ալի Ռիտա Մաազի իր կարգին քննադատեց կարգ մը թեկնածուներու կողմէ կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները:...

Ժարապլուսի Մէջ Ականուած  Չորս Ինքնաշարժներ Պայթած Են

Ժարապլուսի Մէջ Ականուած Չորս Ինքնաշարժներ Պայթած Են

Սուրիոյ մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող եւ «Եփրատի վահան» թրքամէտ զինեալներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող Ժարապլուս քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ չորս ականուած ինքնաշարժներ պայթած են: Տեղական աղբիւրներ կը նշեն, որ մէկ ժամէն պակաս ժամանակի ընթացքին արձանագրուած իրերայաջորդ պայթումներուն պատճառով զոհեր արձանագրուած են: Շաբաթ օր, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թրքական բանակէն երկու...

«Ռուսիան Կայ, Եղած Է Եւ Պիտի Ըլլայ.  Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Համակերպին Ատոր Հետ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Կայ, Եղած Է Եւ Պիտի Ըլլայ. Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Համակերպին Ատոր Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիան կայ, եղած է եւ պիտի ըլլայ, ինչպէս եւ Միացեալ Նահանգները. այդ իրականութեան հետ պէտք է համակերպիլ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Մենք ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները չենք  հասցուցած ներկայ վիճակին: Մենք երբեւէ պատժամիջոցներ հաստատա՞ծ ենք Միացեալ Նահանգներուն դէմ: Միացեալ Նահանգներն են, որոնք մեր դէմ պատժամիջոցներ հաստատած են եւ կը շարունակեն իւրաքանչիւր պատրուակի պարագային...

Շապաքի Ղեկավարը Իսրայէլի Մէջ Արիւնահեղութենէ  Եւ Քաղաքական Ահաբեկումներէ Կը Զգուշացնէ

Շապաքի Ղեկավարը Իսրայէլի Մէջ Արիւնահեղութենէ Եւ Քաղաքական Ահաբեկումներէ Կը Զգուշացնէ

Իսրայէլի ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շապաքի ղեկավար Նատաւ Արկման երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական պառակտումին պատճառով մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ քննարկումներու մէջ ծայրայեղականութեան պատճառով քաղաքական ահաբեկումներէ զգուշացուց: Ան իր տեսակին մէջ առաջինը եղող պատգամի մը մէջ նշեց. «Այս քննարկումը կրնայ յանգիլ բիրտ եւ ապօրինի արարքներու, որոնք կրնան մինչեւ իսկ կեանքեր վնասելու հասնիլ»: Նախքան այդ, Իսրայէլի ապահովական մարմինները ամրապնդած էին Իսրայէլի գործող...

«Պոլսոյ Ջրանցքի Հիմը Պիտի Դրուի  Յունիսի Վերջաւորութեան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Պոլսոյ Ջրանցքի Հիմը Պիտի Դրուի Յունիսի Վերջաւորութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Սեւ ծովը Մարմարա ծովուն հետ կապող Պոլսոյ ջրանցքի հիմը պիտի դրուի յունիսի վերջաւորութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Էրտողան յայտնած է, որ իր կարծիքով, ջրանցքը պիտի նպաստէ քաղաքի աշխարհագրական, ռազմավարական եւ գեղագիտական զարգացման: 2011-ին Էրտողանի յայտարարած` 25  միլիառ տոլար արժողութեամբ 45 քիլոմեթրնոց ջրուղին, ըստ լրատուամիջոցներու, բախած է խիստ...

«Միացեալ Նահանգներու Համար Սպիտակամորթներու  Գերազանցութեան Գաղափարի Կողմնակիցները  Մեծագոյն Ահաբեկչական Սպառնալիքը Կը Հանդիսանան»   Կ՛ըսէ Պայտըն

«Միացեալ Նահանգներու Համար Սպիտակամորթներու Գերազանցութեան Գաղափարի Կողմնակիցները Մեծագոյն Ահաբեկչական Սպառնալիքը Կը Հանդիսանան» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու համար մեծագոյն ահաբեկչական սպառնալիքը կը հանդիսանան ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ը եւ Քայիտան, այլ սպիտակամորթներու գերազանցութեան գաղափարի կողմնակիցները, Թալսա քաղաքին մէջ (Օքլահոմա նահանգ) իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է երկրի նախագահ Ճօ Պայտըն: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»-ը: «Միացեալ Նահանգներու հետախուզական հանրութեան տուեալներով` սպիտակամորթներու գերազանցութեան շարժման ահաբեկչական գործունէութիւնը այսօր ամէնէն մահաբեր սպառնալիքն է մեր երկրին համար: Ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ը...

«Ռուսիան Թուրքիոյ Կը Հասկցնէ, Որ Խրիմի  Հարցին Մէջ Քիեւը Խրախուսելը Ռուսիոյ  Ամբողջականութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Թուրքիոյ Կը Հասկցնէ, Որ Խրիմի Հարցին Մէջ Քիեւը Խրախուսելը Ռուսիոյ Ամբողջականութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան Թուրքիոյ շատ յստակօրէն կը հաղորդէ այն միտքը, որ Խրիմի վերաբերեալ ուքրանական նախաձեռնութիւնները խրախուսելը Ռուսիոյ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն է: Այս մասին «Արկումենթի ի Ֆաքթի» թերթին հետ հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Եթէ մենք կը խօսինք ուքրանական գործերու մասին, ապա բոլոր մակարդակներուն վրայ մեր թուրք գործընկերներուն խորհուրդ կու տանք` ուշադիր վերլուծել կացութիւնը եւ դադրեցնել Քիեւի...

Գրաւուած Քարվաճառի Մէջ Ազրպէյճանցի  Լրագրողներ Փոխադրող Փոխադրակառքը  Պայթած Է Ականի Վրայ

Գրաւուած Քարվաճառի Մէջ Ազրպէյճանցի Լրագրողներ Փոխադրող Փոխադրակառքը Պայթած Է Ականի Վրայ

«Ազ.Թի.Վի.» եւ «ԱզերԹաճ» ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ փոխադրող փոխադրակառք մը պայթած է  գրաւուած Քարվաճառի մէջ: Ըստ տեղեկութիւններու, Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի «Ազ.Թի.Վի.»-ի աշխատակից Սիրաժ Ապիշեւ եւ «ԱզերԹաճ»-ի աշխատակից Մահարամ Իպրահիմով (Ալիօղլու) մահացած են Քարվաճառի շրջանին մէջ «ծառայութեան» ժամանակ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է «Ազ.Թի.Վի.»-ի նախագահ Ռովշան Մամետով: Վիրաւորուած են նաեւ «Ազ.Թի.Վի.»-ի տնօրէն Էմիլ Մամետով, փոխադրակառքի վարորդը եւ բնակիչ մը:  

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Իրանեան Երկու Նաւերու Ատլանտեան Ովկիանոս Մուտք Գործելէն Ետք. Փենթակոն Իրանը Կը Զգուշացնէ Սադրիչ Արարքներէ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ Արաբական Ծոցին մէջ տեղի ունեցածին նման իրանեան յարձակումներէ զգուշացուց: Իրանեան երկու նաւերու Ատլանտեան ովկիանոս մուտք գործելէն ետք, Փենթակոն նաեւ Իրանը զգուշացուց սադրիչ քայլերէ: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները նաւերուն վրայ ձգախէժէ 7 նաւեր նկատած են:  

«Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնագիրին  Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին»  Կ՛ըսէ Փրայս

«Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին» Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` Վիեննայի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Բանակցութիւններու տեսանկիւնէն մենք ո՛չ լաւատես ենք, ո՛չ ալ յոռետես, յստակ գիտենք մեր առջեւ դրուած խնդիրը` այնպէս ընել, որ Իրան դարձեալ պահպանէ հսկողութիւնը եւ ստուգումներու ընթացակարգն ու կարելիութիւնները: Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ...

Նշելով, Որ Լիբանանի Տագնապը  Բոլորին Համար Մտահոգիչ Է.  «Իրանն Ու Ծոցի Երկիրները Կը Յորդորենք  Միասնաբար Շրջանային Երկխօսութեան Նստիլ»  Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նշելով, Որ Լիբանանի Տագնապը Բոլորին Համար Մտահոգիչ Է. «Իրանն Ու Ծոցի Երկիրները Կը Յորդորենք Միասնաբար Շրջանային Երկխօսութեան Նստիլ» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի նշեց. «Լիբանանի տագնապը բոլորին համար մտահոգիչ է, եւ անիկա երկիր մըն է, որ վտանգաւոր կացութենէ կը տառապի»: «Իրանն ու Ծոցի երկիրները կը յորդորենք միասնաբար շրջանային երկխօսութեան նստիլ», աւելցուց ան` նշելով. «Քաթարը Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման չի ձգտիր, այնքան ատեն որ գետնի վրայ փոփոխութիւն չկայ»: «Քաթար շրջանին մէջ տագնապի կողմերուն միջեւ...

Page 348 of 883 1 … 347 348 349 … 883

Արխիւներ