Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշի Մեկնելու Ճամբուն Վրայ Էրտողանի Հետ Զրոյցի Ընթացքին. «15 Գերի Տուինք Եւ Վերցուցինք Ականապատուած Բոլոր Տարածքներուն Քարտէսը. Ամերիկացիները Հանդէս Եկած Են Իբրեւ Երաշխաւոր» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յունիս 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած են երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր կնոջ` Էմինէ Էրտողանի` 15 յունիսին դէպի Շուշի ուղեւորուելու ժամանակ տեղի ունեցած զրոյցէն մէկ հատուած, որ կը վերաբերի վերջերս 15 հայ գերիի վերադարձին եւ ատոր դիմաց Լեռնային Ղարաբաղի ականապատ տարածքներու քարտԷսներու յանձնումին:

Իլհամ Ալիեւ. «Մենք հիմա Ֆիզուլի (Վարանդա) քաղաքին մէջ ենք… Այս վայրերը լեցուն են ականներով… Այստեղ ճամբայէն ո՛չ աջ, ո՛չ ձախ կարելի է շեղիլ: Մենք տասնհինգ գերի տուինք եւ վերցուցինք ականապատուած բոլոր տարածքներուն քարտէսը:

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան. «Ե՞րբ ատիկա տեղի ունեցած է»:

Ալիեւ. «Ամսուան 12-ին»:

Էրտողան. «Այսինքն` վերջերս»:

Ալիեւ. «Այո՛, սակայն որեւէ ստորագրութիւն չէ եղած»:

Էրտողան. «Անոնց յանձնած քարտէսները ճիշդ ցոյց կու տա՞ն ականապատուած վայրերը»:

Ալիեւ. «Այո, ճիշդ ցոյց կու տան, որովհետեւ ամերիկացիները հանդէս եկած են իբրեւ երաշխաւոր: Անոնք մեզի տուին Աղտամի (Ակնա) շրջանի 97.000 ականներու քարտէսներ»:

Էրտողան. «Ես չէի գիտեր, որ այդքան շատ ական կայ Ազրպէյճանի տարածքներուն վրայ»:

Ալիեւ. «Եթէ մենք ստանանք ականապատուած բոլոր տարածքներու քարտէսները, ապա ատիկա մեզի մեծ առաւելութիւն պիտի տայ, որովհետեւ առանց ատոր աշխատանքը 10 տարի պիտի տեւէ, որովհետեւ ականապատուած է ամբողջը»:

Էմինէ Էրտողան. «Այլ գերիներ ալ կա՞ն»:

Ալիեւ. «Կան, կան»:

Էմինէ Էրտողան. «Մաս-մաս (յանձնել)»:

Ալիեւ Էրտողանին Շուշիէն ցոյց տուած է Ստեփանակերտը եւ ըսած, որ շուտով այդ ալ իրենցը պիտի ըլլայ:

Ալիեւ. «Ահա լեռներու մէջէն Խանքենտին (Ստեփանակերտ) է:

Էրտողան. «Մեր պանդոկը հո՞ն է»:

Անոնք միասնաբար ծիծաղած են:

Ալիեւ. «Չէ, սակայն այնտեղ ալ պիտի ըլլայ»:

Էրտողան. «Տա՛յ Աստուած»:

 

Նախորդը

«Աշխարհը Պէտք Է Իմանայ Իրանի Նկատմամբ Թրամփի Անմարդկային Յանցագործութիւններուն Մասին» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Խօսելով Շուշիի, «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հեռանկարներուն Մասին` «Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Նոր Ղարաբաղ Պիտի Կառուցեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?