Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աշխարհը Պէտք Է Իմանայ Իրանի Նկատմամբ Թրամփի Անմարդկային Յանցագործութիւններուն Մասին» Կ՛ըսէ Ռուհանի

June 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ աշխարհը պէտք է իմանայ իր երկրին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի «անմարդկային յանցագործութիւններուն» մասին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը:

«Անհրաժեշտ է, որ պարտադրուած տնտեսական պատերազմին վերաբերեալ փաստաթուղթը եւ համապարփակ ու աննախադէպ պատժամիջոցներ իրականացնողները յայտնի ըլլան, որպէսզի բոլորը իմանան Թրամփի վարչակազմին կողմէ իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած անմարդկային յանցագործութիւններուն մասին», ըսած է Ռուհանի:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ 2018 թուականին Միացեալ Նահանգները դուրս բերած է 2015 թուականին որդեգրուած Իրանի հիւլէական համաձայնագիրէն եւ երկրին նկատմամբ իր «առաւելագոյն ճնշման» քաղաքականութեան ծիրին մէջ պատժամիջոցներ կիրարկած:

Յայտնի է, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով Իրան մեծապէս տուժած է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ մերժած են բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղորայք ներածելու արգելքները մեղմացնելու միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչերը: Ռուհանի, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ եւ փոխնախարար Ապպաս Արաքժի Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները որակած են «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»:

Ռուհանի նշած է, որ մարդկութեան դէմ տնտեսական պատերազմները նոյնպէս պէտք է որակուին «մարդկութեան դէմ լուռ յանցագործութիւն»:

 

Նախորդը

«Եգիպտոսի Եւ Քաթարի Մօտ Անցեալի Էջը Փակելու Եւ Գործակցութեան Հորիզոններ Որոնելու Կամք Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Շուքրի

Յաջորդը

Շուշի Մեկնելու Ճամբուն Վրայ Էրտողանի Հետ Զրոյցի Ընթացքին. «15 Գերի Տուինք Եւ Վերցուցինք Ականապատուած Բոլոր Տարածքներուն Քարտէսը. Ամերիկացիները Հանդէս Եկած Են Իբրեւ Երաշխաւոր» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ,  Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»
Միջազգային

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

January 13, 2026
«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է,  Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը
Միջազգային

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.