Տաճիկիստանն ու Խըրխըզիստանը սկսած են սահմանագծման աշխատանքներ կատարել, ատիկա լաւ օրինակ է ամբողջ յետխորհրդային շրջանին համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Մենք երէկ նոյնպէս խօսած ենք առճակատումէն համագործակցութեան անցնելու դրական օրինակին մասին, որ ցոյց կու տան Տաճիկիստանն ու Խըրխըզիստանը: Մենք շատ ուրախ ենք, որ վերջերս բռնկած տագնապի թէժ փուլը մեր ետին մնացած է, սակայն ամէնէն գլխաւորը այն է, որ երկիրները անցած են սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու», ընդգծած է Լաւրովը` տաճիկ գործընկերոջ հետ հանդիպումին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, ատիկա շատ լաւ օրինակ է ամբողջ յետխորհրդային շրջանին համար, ուր սահմանները վերջնականապէս եւ յուսալիօրէն չեն ձեւաւորուած իրաւական առումով:
Յայտնենք, որ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս հաղորդած էր, որ Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սիրոժետտին Մուհրիտին եւ Ռուսլան Քազաքպայեւ քննարկած են տաճկա-խըրխըզական սահմանի կացութիւնը:
Նշուած էր, որ հանդիպումը անցած է Սիան չինական քաղաքին մէջ` արտաքին գործոց նախարարներու «Կեդրոնական Ասիա-Չինաստան» երկրորդ հանդիպման ծիրին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են պետութիւններու ղեկավարներուն կողմէ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու, կողմերու կառավարական պատուիրակութիւններու եւ աշխատանքային խումբերու արձանագրութիւններու շուտափոյթ կատարման հարցերը, որոնք կը վերաբերին տաճկա-խըրխըզական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները նաեւ նշած են առեւտրական-տնտեսական, փոխադրամիջոցային, ուժանիւթային եւ այլ ոլորտներու մէջ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ապրիլի վերջաւորութեան երկու երկիրներու սահմանին վրայ տեղի ունեցած էր զինեալ բախում, որուն պատճառով երկու կողմերէն ալ արձանագրուած էին զոհեր եւ վիրաւորներ: