Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ կատարուած բանակցութիւնները անցած են լաւ մթնոլորտի մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին 14 յունիսին աւարտած վեհաժողովին ու հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
«Մեր այս բանակցութիւնները ընթացած են խաղաղ մթնոլորտի մէջ», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:
Ան միեւնոյն ժամանակ, նկատի ունենալով Էրտողանի կողմէ իր հասցէին կատարուած վիրաւորական յայտարարութիւնները եւ յառաջացած հակասութիւնները, նշած է, որ ընթացիկ բանակցութիւններուն մէջ «ոչ ոք ներում հայցած է, եւ ոչ մէկ կողմ ալ զայն պահանջած է»: «Սակայն արտայայտուած է աշխատանքը վերսկսելու յստակ ցանկութիւն», ըսած է Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահը միաժամանակ ընդգծած է. «Վերջին ամիսները նշանաւորուած են կողմերու աւելի հանդարտ հրապարակային յայտարարութիւններով, եւ ես իմ գոհունակութիւնս կը յայտնեմ այս կապակցութեամբ»:
«Բանակցութիւններուն ընթացքին երկուքս ալ նշած ենք, որ անհրաժեշտ է, մեկնելով մեր հաւաքական նպատակներէն, բոլոր ջանքերը գործադրել միացեալ աշխատանք ապահովելու համար», ըսած է ան:
Մաքրոն յայտնած է, որ բանակցութիւններուն ընթացքին «ինք շարք մը բացատրութիւններ տուած է այն նիւթերուն վերաբերեալ, որոնք կրնային աղաւաղել եւ օգտագործուիլ իբրեւ յարձակման պատրուակ»: «Ատիկա նախ եւ առաջ կը վերաբերի իսլամութեան խնդիրին. ես նախագահ Էրտողանին յստակօրէն ըսած եմ, որ ֆրանսական քաղաքականութիւնը չի կայանար որեւէ կրօնի վրայ յարձակման մէջ», ըսած է ան:
«Մեր միլիոնաւոր քաղաքացիները իսլամ հաւատացեալներ են, անոնք ամէն օր կը դաւանին այս կրօնը», ըսած է Ֆրանսայի ղեկավարը: «Այս առումով կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս ոլորտը չի տարածուիր ֆրանսական պետութեան վրայ, եւ այն, ինչ որ կը պահանջէ իսլամներէն, խստօրէն պահպանելն է Ֆրանսայի Հանրապետութեան օրէնքներն ու կանոնները», ըսած է Մաքրոն:
«Ես կը կարծեմ, որ Էրտողանին ուղղուած բոլոր այս պարզաբանումները անհրաժեշտ էին պարզեցուած մօտեցումէն խուսափելու համար, որ արդէն յանգեցուցած է միջադէպերու եւ սրումի ի յայտ գալուն (Ֆրանսայի դէմ): Եւ ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ, ուր իսլամութիւնը գերիշխող կրօնն է: Աւելի՛ն, այս ամէնը օգտագործած են իրենց նպատակներուն համար շարք մը պետութիւններ, որոնք բնաւ Ֆրանսայի բարեկամը չեն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:
«Նախագահ Էրտողան ըմբռնումով ընդունած է իմ կողմէս այս բացատրութիւնները եւ հասկցուցած է, որ իրեն համար կարեւոր է թէ՛ Ֆրանսայի անվտանգութիւնը, թէ՛ ալ անոր բնակչութեան համախմբուածութիւնը»: Միաժամանակ, ես անոր յիշեցուցած եմ, որ Ֆրանսայի համար կարեւոր նպատակ է յարգել բոլոր կրօնները», ըսած է Մաքրոն:
«Ասիկա այն եղանակն է, որով մենք կրնանք ստեղծել (Թուրքիոյ հետ) համագործակցութեան գիծեր եւ օգտակար գործողութիւններ: Հետեւաբար, շատ կարեւոր է ապահովել ատոր յառաջընթացը», եզրափակած է Ֆրանսայի նախագահը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Մաքրոնի հետ հանդիպումի ընթացքին անգամ մը եւս հաստատած է Լիպիայէն օտարերկրեայ վարձկանները հեռացնելու ցանկութիւնը:
«Մենք համաձայնած ենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ, սակայն ատիկա միայն Ֆրանսայէն եւ Թուրքիայէն կախեալ չէ», ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ Էրտողան, բայց եւ այնպէս, հաստատած է Լիպիայէն օտարերկրեայ զինեալներու հեռացման հարցին մէջ իր ցանկութիւնը:



