Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ստորագրած Են Կարսի Համաձայնագիրին Վրայ Հիմնուած Եւ Զանգեզուրի Միջանցքին Վերաբերեալ Յստակ Կէտեր Բովանդակող Շուշիի Հռչակագիրը

Յունիս 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ թուրք-ազրպէյճանական փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը. մասնաւորաբար ստորագրուած է Շուշիի հռչակագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Այսօր մենք ո՛չ միայն կը խօսինք Զանգեզուրի միջանցքին մասին, որ ճանապարհային եւ երկաթուղային ճամբով Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան պիտի կապէ, այլ նաեւ գործնական քայլեր կ՛իրականացնենք», ընդգծած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ըստ Ալիեւի, ստորագրուած փաստաթուղթը յստակ կէտեր կը բովանդակէ Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ:

«Հռչակագիրը հիմնուած է Կարսի պատմական համաձայնագիրին վրայ: Անիկա կը վերաբերի համագործակցութեան տարբեր ոլորտներուն», բացատրած է ան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան վերաբերեալ այս հռչակագիրը բարձրագոյն մակարդակին կը բարձրացնէ Պաքուի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները:

Ալիեւ ըսած է, որ Շուշիի հռչակագիրին մէջ կը շօշափուին երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ փոխադարձ օգնութեան խնդիրները:

Էրտողան իր կարգին յայտարարած է, որ Անգարան ընդհանուր հիւպատոսութիւն պիտի բանայ Շուշիի մէջ:

Ան այդ մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Էրտողանի համաձայն, ընդհանուր հիւպատոսութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային:

Նշենք, որ Էրտողան նաեւ այս առիթով նշեց. «Յուսանք, որ Հայաստան կ՛ընդառաջէ իրեն երկարած բարի կամքի եւ զօրակցութեան ձեռքին եւ առիթը կ՛օգտագործէ միացեալ ապագայ կառուցելու համար»:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Բազմամարդ Հաւաքներ Կ՛ունենայ Արտաշատ, Մասիս, Աւշար, Արարատ Եւ Վեդի Շրջաններուն Մէջ

Յաջորդը

«Էրտողանի Հետ Հանդիպումը Անցաւ Խաղաղ Մթնոլորտի Մէջ. Ոչ Ոք Ներողութիւն Խնդրեց, Եւ Ոչ Ոք Ալ Զայն Պահանջեց» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?