Ռուսիան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է Արցախի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու գործին մէջ: Ռուսական «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միջազգային անվտանգութեան մոսկովեան 9-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Մոսկուան նաեւ շատ բան ըրած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ:
«Մենք կը շարունակենք ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ օգնել կողմերուն իրար միջեւ վստահութիւն հաստատելու, իրականացնելու մարդասիրական նախագիծեր», աւելցուց Լաւրով: