Թալեպան շարժումը գրաւած է ԱՖղանիստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ գլխաւոր սահմանային անցակէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա»-ն եւ կ՛աւելցնէ, որ անվտանգութեան ուժերուն մէկ մասը լքած է դիրքերը եւ փախուստ տուած դէպի Տաճիկիստան:
1 մայիսին Միացեալ Նահագներու ուժերու հեռացման վերջին փուլի սկիզբէն ի վեր թալեպաններու մեծագոյն ձեռքբերումը Քունտուզ քաղաքէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Շիր Խան Պանտար անցակէտին գրաւումն է:
«Դժբախտաբար, այսօր առաւօտեան մէկ ժամ տեւած մարտերէ ետք թալեպանները գրաւած են Շիր Խան Պանտար անցակէտը», ըսած է Քունտուզի նահանգային խորհուրդի անդամ Խալիտտին Հաքմին:
Բանակի սպաներէն մէկը տեղեկացուցած է, որ ստիպուած եղած են լքել անցակէտը եւ անցնիլ Տաճիկիստանի սահմանը:
Թալեպան շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուճահիտը իր կարգին հաստատած է, որ գրաւած են անցակէտը` նշելով, որ կը վերահսկեն Տաճիկիստանի հետ բոլոր անցակէտերը:
Անցումային կէտի գրաւումը տեղի ունեցած է ԱՖղանիստանի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչի այն յայտարարութենէն ետք, թէ թալեպանները մայիսէն ի վեր գրաւած են երկրին 370 շրջաններէն 50-ը, եւ տագնապին սրումը կը նշանակէ, որ կը մեծնայ անապահովութիւնը շատ այլ մօտ եւ հեռու պետութիւններու համար:
Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ դաշնակիցներու հետ համակարգումով մինչեւ 1 մայիս պիտի սկսի եւ մինչեւ 11 սեպտեմբեր պիտի աւարտէ ամերիկեան ուժերու ԱՖղանիստանէն հեռացումը:



