Ռուսիան Սուտանի մէջ ռազմակայան պիտի կառուցէ: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է իրաւական տեղեկութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հրամանագիրին մէջ:
Փաստաթուղթին համաձայն, կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է եւ նախագահը Տումայի վաւերացման պիտի ներկայացնէ Սուտանի մէջ ծովուժի ռազմակայան կառուցելու մասին համաձայնագիրը:
Խօսքը Կարմիր ծովուն մէջ Ռուսիոյ ծովուժի գումակային կեդրոնի կառուցման մասին է: Մոսկուան եւ Խարթումը համաձայնագիր ստորագրած են 2020 թուականին. ըստ անոր, ափրիկեան հանրապետութիւնը հող պիտի տրամադրէ Ռուսիոյ ծովուժի ռազմակայանին, որ կրնայ ընդունիլ ոչ աւելի քան չորս նաւ, ներառեալ հիւլէական ուժանիւթով բանողները:
1 յունիսին, Սուտանը յայտարարած է, որ կ՛ուզէ վերատեսութեան ենթարկել համաձայնագիրը: Սուտանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Օսման Հուսէյն յիշեցուցած է, որ համաձայնագիրները կնքուած են Սուտանի նախկին կառավարութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ: Զինուորական դիւանագէտներու լիկայի փոխնախագահ Վլատիմիր Վինոքուրով յայտնած է, որ նման յայտարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն ճնշումին հաւանական հետեւանքն է:


