Պաքուի դատարանը սկսած է Ռուսիոյ քաղաքացի Էտուարտ Տուպաքովի դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Ազրպէյճան»¬ը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն պնդումով` Տուպաքով Արցախի մէջ կռուած է հայկական կողմի օգտին:
Անոր մեղադրանք առաջադրուած է «ահաբեկչութիւն», «յանցաւոր խումբի մասնակցութիւն», «Ազրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի անցում» յօդուածներով:
Նշենք, որ Պաքուի դատարանը նախապէս դատապարտած է Արցախի մէջ գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանը: Անոր եւս մեղադրանք յառաջադրուած էր «վարձկանութիւն», «ահաբեկչութիւն», «Ազրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի անցում» յօդուածներով: Դատարանը հայ պատերազմական գերին 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտած էր:
Իւլճեքեանէն բացի Պաքուի մէջ այլ կեղծ գործերով կը դատուին շուրջ քսան հայեր: