Ռուսիան եւ Թուրքիան համաձայնած են քննարկելու Լիպիայէն արտաքին ուժերու դուրս բերման հարցը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Մամլոյ ասուլիսի սղագրութիւնը հրապարակուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ, սակայն «բարձրաստիճան ներկայացուցիչ»¬ին անունը չէ հրապարակուած: «Սկզբունքով մենք կը գտնուինք կացութեան մը մէջ, երբ թէ՛ թուրքերը, թէ՛ ռուսերը համաձայնեցան, որ ատիկա կրնայ քննարկման նիւթ ըլլալ», ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ան յիշեցուցած է, որ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը կը պահանջէ անյապաղ Լիպիայէն դուրս բերել օտարերկրեայ ուժերը, իսկ տագնապին կողմերը պէտք է դադրեցնեն կրակոցը:



