Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան Աֆղանիստան զօրախումբ ուղարկելու հարց չի քննարկեր: Ան նշած է, որ Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն կամ թալեպաններուն հետ որեւէ քննարկում տեղի չ՛ունենար: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»¬ը:
«Ո՛չ, այդ հարցին առնչութեամբ որեւէ քննարկում չի կատարուիր», լրագրողներուն յայտնած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Աֆղանիստանի մէջ ռուսական զօրքի տեղադրման տարբերակ կը մշակուի՞ եւ այդ ուղղութեամբ տեղւոյն իշխանութիւններուն կամ թալեպաններուն հետ քննարկում կը կատարուի՞:
Փեսքով անդրադարձած է նաեւ Տաճիկիստանի եւ Աֆղանիստանի սահմանային հատուած զօրամիաւորման նոր խումբ ուղարկելու հարցին:
«Լրացուցիչ զօրամիաւորման մասին ես չեմ կրնար ըսել: Ի հարկէ, հարցը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանան իրադարձութիւնները, իսկ մենք կը տեսնենք, որ լաւագոյն կերպով չեն զարգանար: Հետեւաբար մեր զինուորական սահմանապահներուն կողմէ համապատասխան որոշում պիտի որդեգրուի», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը ծրագրուի՞ յաւելեալ ռուսական զօրամիաւոր ուղարկել Տաճիկիստան` Աֆղանիստանի հետ սահմանային շրջան:
Փեսքով նշած է, որ Աֆղանիստանէն ամերիկացիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն հեռանալը, ներառեալ երկրին մէջ կացութեան զարգացումը, Ռուսիոյ համար մտահոգութեան մեծ խնդիր դարձած են: