Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Չաւուշօղլու եւ Պայրամով քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային համագործակցութիւնը: