5 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Ազրպէյճան հասած է Թուրքիոյ օդուժի հրամանատար, բանակի զօրավար Հասան Քիւչիւքաքիյիւզի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ օդուժներուն միջեւ միտքերու փոխանակում` ներկայ կացութեան եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ, պիտի քննարկուին երկկողմանի կապերու ընդլայնման կարելիութիւնները: