Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տաճիկիստանին օգնութիւն խոստացած է` ԱՖղանիստանի հետ սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան սրումին պատճառով:
«Մետուզա» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը իր տաճիկ պաշտօնակիցին` Էմոմալի Ռահմոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «հաստատած է Տաճիկիստանին անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ»:
Տաճիկիստանի եւ ԱՖղանիստանի հետ սահմանին վրայ կացութիւնը անկայուն դարձաւ, երբ ԱՖղանիստանէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու գործողութեան սկիզբէն ետք, Թալեպան շարժումը սկսած է յարձակիլ աֆղանական կառավարական ուժերու վրայ:
Տաճիկիստանի մէջ կը գտնուի ռուսական 201-րդ ռազմակայանը, որ իր սահմաններէն դուրս Ռուսիոյ մեծագոյն զինուորական կառոյցն է:



