Միջազգային

ՀԱՊԿ-ը Պիտի Չմիջամտէ Սիւնիքի Եւ Գեղարքունիքի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան

Հայաստանի հարաւը Ազրպէյճանի հետ նոր սահմանի հաստատման առնչուած կացութեան սրումը «սահմանային միջադէպ» է եւ չի համապատասխաներ հաւաքական պաշտպանութեան մասին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնագրութեան կէտերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս: «Պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ¬ի ներուժը կ՛օգտագործուի միայն (անդամ երկիրներէն մէկուն ուղղուած) յարձակումի պարագային: Այստեղ գործ ունինք, ըստ...

«Այսօր Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կայունութեան Եւ, Իբրեւ Արդիւնք, Փոխադարձ Բարգաւաճման Առիթներ Ունին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

«Այսօր Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կայունութեան Եւ, Իբրեւ Արդիւնք, Փոխադարձ Բարգաւաճման Առիթներ Ունին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Այսօր Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կայունութեան եւ, իբրեւ արդիւնք, փոխադարձ բարգաւաճման առիթներ ունին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ: Ան կարեւոր նկատած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ստեղծումը` բացատրելով, որ այդ միջանցքը բանալով` պիտի աւարտի Նախիջեւանի մեկուսացումը, իսկ Երեւան ցամաքային ճամբով Ազրպէյճանի տարածքով պիտի կապուի...

Լուքաշենքոն Որոշած Է «Ամբողջութեամբ Փակել Ուքրանիոյ Հետ Սահմանը»

Լուքաշենքոն Որոշած Է «Ամբողջութեամբ Փակել Ուքրանիոյ Հետ Սահմանը»

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն որոշած է «ամբողջութեամբ փակել Ուքրանիոյ հետ սահմանը, քանի որ Ուքրանիայէն Պիելոռուսիա կը մտնեն Արեւմուտքի հետ կապուած ահաբեկիչներ»: Պիելոռուսիոյ անկախութեան 30-ամեակին նուիրուած հանրահաւաքին ելոյթ ունենալով` Լուքաշենքօ ըսած է, թէ կը փակէ դրացի Ուքրանիոյ հետ սահմանը, քանի որ «Ուքրանիայէն զէնք կը բերուի Պիելոռուսիա»:  

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը  Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Անդամներու Հետ Գործընկերային Յարաբերութիւններու Լաւ Օրինակ Նկատելով` «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Շատ Կարեւոր Են Եւ Կայունացնող Շրջանին Համար» Կ՛ըսէ Փեսքով

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, սակայն Ռուսիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները լաւ օրինակ են, որ նոյնիսկ ՕԹԱՆ-ի անդամներու հետ կարելի է եւ պէտք է գործընկերային յարաբերութիւններ կառուցել: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Վլատիմիր Սոլովիովի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի երկիր կը հանդիսանայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները լաւ օրինակ են, որ...

Ըստ Թրքական Իշխանամէտ «Թիւրքիէ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ 30.000-նոց Բանակ Կը Ստեղծեն Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ` Իրանի Ներկայութեան Վերջ Տալու Համար

Ըստ Թրքական Իշխանամէտ «Թիւրքիէ»-ի. Միացեալ Նահանգներ 30.000-նոց Բանակ Կը Ստեղծեն Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ` Իրանի Ներկայութեան Վերջ Տալու Համար

Թրքական իշխանամէտ «Թիւրքիէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը ստեղծեն 30.000-նոց ուժ մը` Սուրիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ լայնածաւալ գործողութիւններ կատարելու համար: Սուրիոյ ընդդիմութեան հրամանատարները թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած են, որ Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն այդ գործողութիւնը կատարել Իրաքի հետ սահմանին վրայ գտնուող Պուքամալի եւ Յորդանանի եւ Իրաքի հետ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ գտնուող Թանաֆ շրջաններուն մէջ: Այսպիսով, 250 քիլոմեթրնոց...

ՄԱԿ-ը Լիպիոյ Հարցով Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Ձախողութիւնը Յայտարարեց

ՄԱԿ-ը Լիպիոյ Հարցով Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Ձախողութիւնը Յայտարարեց

Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը յայտարարեց, որ դեկտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման ճամբան հարթելու համար իր հովանաւորութեամբ ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները ձախողած են առնչակից կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծել: Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան ղեկավար Զիզիտոն Զինիկա այդ բանակցութիւններու աւարտական նիստին ընթացքին յայտնեց. «Լիպիացի ժողովուրդը հաստատօրէն յուսախաբ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կը սպասէին 24 դեկտեմբերին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց քուէները տալով իրենց ժողովրդավարական...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ Տաճիկիստանի Եւ Ուզպեքիստանի Հետ Կը Քննարկեն Աֆղանիստանէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումէն Ետք Զինուորական Փոխադարձ Գործակցութեան Կարելիութիւնները»

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ Տաճիկիստանի Եւ Ուզպեքիստանի Հետ Կը Քննարկեն Աֆղանիստանէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումէն Ետք Զինուորական Փոխադարձ Գործակցութեան Կարելիութիւնները»

Միացեալ Նահանգներ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ երկիրներու հետ կը քննարկեն Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու վերջնական հեռացումէն ետք զինուորական ոլորտի մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քըրպի: «Կը կարծեմ` վստահաբար կարելի է ըսել, որ մենք արտաքին գործոց նախարարութեան մեր գործընկերներուն հետ դրացի երկիրներու հետ բանակցութիւններ կը վարենք...

«Իրան Կ՛աջակցի Շրջանային «3+3» Հարթակի Ստեղծման»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը

«Իրան Կ՛աջակցի Շրջանային «3+3» Հարթակի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Սայետ Ապպաս Մուսաւի նշած է, որ իր երկիրը կողմնակից է ստեղծելու շրջանին մէջ «3+3» հարթակը, որուն մաս պիտի կազմեն Հայաստանը, Վրաստանը, Ազրպէյճանը, Իրանը, Ռուսիան ու Թուրքիան: Ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Իրան կ՛աջակցի «3+3» շրջանային հարթակ ստեղծելու նախաձեռնութեան` մեր շրջանին մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու զարգացումը խթանելու համար: Հարաւային Կովկասի 3 պետութիւններն ու շրջանային 3...

Պլինքըն Լիպիայէն Բոլոր Օտար Զօրքերը Դուրս Բերելու Կոչ Ուղղած Է, Ներառեալ Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Ուժերը

Պլինքըն Լիպիայէն Բոլոր Օտար Զօրքերը Դուրս Բերելու Կոչ Ուղղած Է, Ներառեալ Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Ուժերը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն բոլոր օտար ուժերը Լիպիայէն դուրս բերելու կոչ ուղղած է, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ուժերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՆՆԱ Նիուզ»-ը: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին համաձայն, զօրքերու հեռացումը այդ երկրին մէջ կացութիւնը կայունացնելու կարեւորագոյն պայմաններէն է: Պլինքըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները այս հարցին շուրջ արդէն զրուցած են Մոսկուայի եւ Անգարայի հետ, եւ Լիպիոյ մէջ...

«Հակառակ Աֆղանիստանէն Իր Ուժերը Հեռացնելուն, Ուաշինկթըն Մտադիր Չէ Զայն Լքել»   Կ՛ըսէ Փրայս

«Հակառակ Աֆղանիստանէն Իր Ուժերը Հեռացնելուն, Ուաշինկթըն Մտադիր Չէ Զայն Լքել» Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն լքել Աֆղանիստանը, հակառակ այդ երկրէն իրենց ուժերուն նախատեսուած հեռացումին: «Մտադիր ենք Քապուլի մէջ դիւանագիտական ներկայութիւն ապահովել», ըսաւ ան: «Ատիկա մեզի համար կարեւոր բան մըն է` նկատի ունենալով աֆղանական կառավարութեան եւ ճակատագրականօրէն աֆղան ժողովուրդին հետ մեր գործընկերութիւնը շարունակելու մեր հաստատ փափաքը: Ուստի հարցը բացարձակապէս այնպէս չէ, թէ...

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Աջակցելու Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հաշտեցման Հոլովոյթին»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Աջակցելու Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հաշտեցման Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Ամերիկեան ընկերութիւնները հետաքրքրուած են եւ աշխուժօրէն մասնակից Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգնման հոլովոյթին մէջ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկ: «Վերակառուցումը կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ ոլորտներ` ականազերծման, ճարտարապետական եւ նախագծող ընկերութիւններու, եւ հաւանական է` ուժանիւթի ընկերութիւններու կողմէ: Որոշ ընկերութիւններ արդէն գործելու արտօնութիւն ստացած են», ըսած է դիւանագէտը: Դեսպանը...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Արցախի Եւ Անդրկովկասի Նիւթը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Արցախի Եւ Անդրկովկասի Նիւթը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ ղարաբաղեան նիւթը քննարկած է Եւրոպական արտաքին-քաղաքական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էնրիքէ Մորոյի հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Տեղի ունեցած է ԱՊՀ-ի տարածքի կացութեան առարկայական քննարկում, ներառեալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրներն ու Անդրկովկասի անվտանգութեան վերաբերեալ ժընեւեան միջազգային քննարկումներու քայլերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսական...

«Ազրպէյճան Կ՛ուզէ Ընդլայնել ՕԹԱՆ-ի Հետ Քաղաքական Երկխօսութիւնն ու Համագործակցութիւնը»   Կ՛ըսէ Ալիեւի Օգնականը

«Ազրպէյճան Կ՛ուզէ Ընդլայնել ՕԹԱՆ-ի Հետ Քաղաքական Երկխօսութիւնն ու Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Ալիեւի Օգնականը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ողջունած է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ ՕԹԱՆ-ի դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` աւելցնելով, որ, ըստ Հաճիեւի, Ազրպէյճան իր կարգին կ՛աջակցի խաղաղութեան շուրջ համագործակցութեան: «Մենք կ՛ուզենք աւելի ընդլայնել ՕԹԱՆ-ի հետ քաղաքական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը եւ բարձր կը գնահատենք ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու կայուն երկխօսութիւնը: Վերջերս այցելած ենք ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր...

Իտալիա Իր Ուժերը Հեռացուց Աֆղանիստանէն

Իտալիա Իր Ուժերը Հեռացուց Աֆղանիստանէն

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Ճոյերինի յայտարարեց, որ իր երկիրը ՕԹԱՆ-ի ուժերը արագ հեռացման ծիրին մէջ ամբողջացուցած է իր ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու գործողութիւնը` ընդգծելով, որ Աֆղանիստանի մէջ Իտալիոյ առաքելութիւնը պաշտօնապէս աւարտած է երեքշաբթի գիշեր: «Սակայն միջազգային ընտանիքին, ներառեալ  Աֆղանիստանի նկատմամբ Իտալիոյ յանձնառութիւնը այստեղ կանգ չ՛առներ, այլ կը շարունակուի այլ ձեւերով, գործակցութեան ամրապնդումէն հասնելով մինչեւ աֆղանական հանրապետութեան կառոյցները զարգացնելն ու աջակցիլը»: Իտալիան...

«Խրիմը Ուքրանիա Է Եւ Ոչ Թէ Ռուսիա» Կ՛ըսէ Ափաթուրայ

«Խրիմը Ուքրանիա Է Եւ Ոչ Թէ Ռուսիա» Կ՛ըսէ Ափաթուրայ

ՕԹԱՆ-ը Բրիտանական Նաւու Հետ Պատահած Միջադէպէն Ետք Մտադիր Չէ Հեռանալ Սեւ Ծովէն ՕԹԱՆ մտադիր է պահպանել իր ներկայութիւնը Սեւ ծովուն մէջ եւ պիտի շարունակէ ամրապնդել  գործընկերներու հետ շրջանին մէջ համագործակցութիւնը: «Քոմմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին վրացական «Առաջին ալիք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը: Ըստ անոր,...

Սիւլէյմանիի Սպանութեան Հետ Առնչութիւն Ունեցող Ամերիկացի Սպան Մահացած Գտած Են

Սիւլէյմանիի Սպանութեան Հետ Առնչութիւն Ունեցող Ամերիկացի Սպան Մահացած Գտած Են

Միացեալ Նահանգներու օդուժի սպայ Ճէյմս Ուլիսը Քաթարի Ուտէյտ ռազմակայանին մէջ մահացած գտած են: Սպան մահացած է մարտական գործողութիւններու հետ կապ չունեցող միջադէպի հետեւանքով: Մահացած 55 տարեկան փոխգնդապետ Ճէյմս Ուլիսը Նիւ Մեքսիքոյի Ազգային օդային պահակագունդի 210-րդ «Ռետ Հորս» խումբի հրամանատարն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Էր Ֆորս»-ը: Իրաւապահները կը հետաքննեն ամերիկացի սպային մահուան պատճառները: Իրանի գաղտնի սպասարկութիւնները Ուլիսը ներառած էին Իրանի...

Պաքուի Վերաքննիչ Դատարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Է 13 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատավարութիւնը. Անոնք Կրնան 14-20 Տարի Կամ Ցկեանս Բանտարկուիլ

Պաքուի Վերաքննիչ Դատարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Է 13 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատավարութիւնը. Անոնք Կրնան 14-20 Տարի Կամ Ցկեանս Բանտարկուիլ

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ տեղի ունեցած է 13 հայ պատերազմական գերիներու դէմ քրէական գործով դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը` մանրամասնելով, որ խօսքը Ռաֆիկ Ռոպերթի Կարապետեանի, Գուրգէն Յովհաննէսի Գոլեանի, Հրայր Սերժի Թադեւոսեանի, Վաղարշակ Մերուժանի Մալոյեանի, Սասուն Սէյրանի Եղիազարեանի, Արսէն Արայիկի Վարդանեանի, Վահագն Էդիկի Բեհրեքեանի, Սեդրակ Սամուէլի Սողոմոնեանի, Արման Վազգէնի Դիլանեանի, Մանուկ Յովհաննէսի Մարտոյեանի, Վելս Կարապետի Անբարդանեանի, Անդրանիկ Վազգէնի...

Լափիտ. «Իսրայէլ Շատոնց Պէտք Է Ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը»

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կրնան Դրական Դեր Խաղալ Պայմաններու Բարելաւման Մէջ, Սակայն Պաղեստինցիները Պէտք Է Ատիկա Ուզեն» Կ՛ըսէ Լափիտ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ համոզում յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ էմիրութիւնները կրնան Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պայմաններու բարելաւման դեր խաղալ, «եթէ պաղեստինցիները այդ առնչութեամբ փափաք յայտնեն»: «Թել Աւիւը պարզ հիմնական կեցուածք մը ունի, որուն համաձայն, պաղեստինցիները պէտք չէ Իսրայէլի քաղաքացիներուն վրայ չորս հազար հրթիռ արձակեն, եթէ կ՛ուզեն օժանդակութիւն ստանալ», նշեց Լափիտ: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը համոզում յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու...

Գերմանիոյ Մէջ Հակահայ Յայտարարութեան Պատճառով Թուրք Գործիչին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Գերմանիոյ Մէջ Հակահայ Յայտարարութեան Պատճառով Թուրք Գործիչին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Գերմանիոյ մէջ գործող «Կրօնական հարցերու թուրք-իսլամական միութեան»` ՏԻԹԻՊ-ի նախկին ղեկավարներէն Մուսթաֆա Քեսքինին «թշնամանք եւ քինախնդրութիւն հրահրելու» մեղադրանք առաջադրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը: Նախապէս ընկերային ցանցերու վրայ հրեաներու եւ հայերու դէմ ուղղուած վիրաւորական գրառումներ կատարելու պատճառով թուրք գործիչին դէմ սկսած էր հետաքննութիւն, որուն պատճառով փետրուար 2021-ին ՏԻԹԻՊ-ի նախագահը հրաժարած էր: Քեսքին ընկերային ցանցերու վրայ իր գրառումներէն մէկուն մէջ հրապարակած...

«Անգարան Պատրաստ Է Մեծցնելու Տուշանպէի Հետ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Աքար

«Անգարան Պատրաստ Է Մեծցնելու Տուշանպէի Հետ Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Աքար

Անգարան պատրաստ է խորացնելու Տուշանպէի հետ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Տուշանպէի մէջ իր տաճիկ պաշտօնակից Շերալի Միրզոյի հետ բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Աքար նաեւ յայտարարած է Տաճիկիստանի հետ սահմանային անվտանգութեան ապահովման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իր փորձառութիւնը կիսելու` Թուրքիոյ պատրաստակամութեան մասին: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը...

Page 339 of 883 1 … 338 339 340 … 883

Արխիւներ