Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ազրպէյճանէն Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Այցելէ Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս
Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Եղբայրութեան «Հերթական Դրսեւորում»-ը Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ «պատմական» կոչած է Ազրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութեան յառաջիկայ այցելութիւնը ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Այս մասին Քըլըճ յայտարարած է Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջխորհրդարանական կապերու եւ միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սամետ Սէյիտովի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին: Քըլըճ...




















