Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Պատրաստ Է Խորհրդային Միութեան Նախկին Հանրապետութիւններուն Հետ Աւելի Մեծ Համագործակցութեան» Կ՛ըսէ Փութին

Յուլիս 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանէն իր կարծիքը յայտնած է նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններուն մէջ տիրող կացութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ ժամանակակից Ռուսիան ճանչցած է այսօրուան աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները: «Մենք, բնականաբար, մտահոգ ենք սպառնալիքներէն, որոնք կրնան որեւէ տեղ ծագիլ», ըսած է Փութին:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ նախկին Խորհրդային Միութեան բազմաթիւ հանրապետութիւններու հետ, որոնց շարքին, օրինակ, Ղազախստանն է, Ռուսիան դաշնակցային եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի: Կայ ՀԱՊԿ-ն, տնտեսական միութիւններ: «Սակայն մենք ոչ ոք այնտեղ կը քաշենք: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, մենք կը փնտռենք փոխզիջումնային ուղիներ, որոնք պիտի յանգեցնեն մեր գործընկերները բաւարարող կացութեան», ըսած է Փութին` նշելով, որ բանակցային հոլովոյթը միշտ ալ դժուար է, սակայն «մենք համբերութեամբ կը լեցուինք եւ կը փնտռենք բոլորիս համար ընդունելի լուծումներ»:

Իբրեւ օրինակ ան նշած է Եւրոպական Միութիւնը, որ կը զարգանայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ զայն չեն համեմատեր Խորհրդային Միութեան հետ:

«Ասիկա կամաւոր հարց է, մենք բաւական գոհ պիտի ըլլանք, եթէ բարեկամական կայուն յարաբերութիւններ ունենանք նոյնիսկ երկկողմանի ձեւաչափով, մենք պատրաստ ենք ատոր, անգամ մը եւս կը կրկնեմ` ճանչնալով այսօրուան աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները», ըսած է Փութին` աւելցնելով, որ Ռուսիան պատրաստ է նաեւ Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններուն հետ աւելի խոր համագործակցութեան:

Ըստ Փութինի, Ռուսիան նաեւ կը տեսնէ, որ սկսած է Ուքրանիոյ զինուորական իւրացումը: Բայց եւ այնպէս, ան յոյս յայտնած է, որ այդ մտահոգութիւնները լուրջ պիտի ընկալուին անոնց կողմէ, որոնք ատիկա կ՛ընեն:

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Ռուսիոյ համար կարեւոր է երկրին համար խնդիրներ ու սպառնալիքներ չստեղծելը: «Իսկ մենք կը տեսնենք, որ այս տարածքի (Ուքրանիա) զինուորական իւրացումը սկսած է: Ատիկա մեզ կը մտահոգէ: Ես արդէն բազմիցս խօսած եմ այդ մասին: Կը կարծեմ, որ մեր մտահոգութիւնները, ի վերջոյ, պիտի լսեն անոնք, որոնք ատիկա կ՛ընեն», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ ատիկա Ուքրանիան չ՛ըներ, այլ այդ երկրի տարածքն ու մարդիկը կ՛օգտագործուին այս եղանակով: «Ես մեծ յոյսեր ունիմ, որ մեր մտահոգութիւններուն հետ լուրջ պիտի վերաբերին», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Երկուշաբթի օր Քրեմլինի կայքին վրայ հրապարակուած «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» յօդուածին մէջ Փութին ընդգծած էր, որ Ռուսիան կը յարգէ ուքրանական լեզուն եւ աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ ուքրանացիներու ցանկութիւնը` իրենց պետութիւնը տեսնելու ազատ, անվտանգ եւ բարեկեցիկ: Ան համոզում յայտնած է, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան միասին միշտ աւելի ուժեղ եւ յաջողակ պիտի ըլլան:

«Ուքրանիան Ստեղծուած Է Ռուսական
Պատմական Հողերու Հաշուոյն»

Ուքրանիան իր ժամանակակից սահմաններուն մէջ ամբողջութեամբ խորհրդային դարաշրջանի գաղափար է, որ ստեղծուած է հիմնականին մէջ պատմականօրէն ռուսական հողերու հաշուոյն: Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գրած է երկուշաբթի օր Քրեմլինի կայքին վրայ ռուսերէն եւ ուքրաներէն լեզուներով հրապարակուած «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» յօդուածին մէջ:

«(…) Ժամանակակից Ուքրանիան ամբողջութեամբ խորհրդային ժամանակաշրջանի գաղափար է: Մենք գիտենք եւ կը յիշենք, որ անիկա մեծ մասամբ ստեղծուած է պատմական Ռուսիոյ հաշուոյն: Բաւական է համեմատել, թէ ո՛ր հողերը 17-րդ դարուն վերամիաւորուեցան ռուսական պետութեան հետ, եւ ո՛ր տարածքներով Ուքրանական Խորհրդային հանրապետութիւնը դուրս եկաւ Խորհրդային Միութենէն», գրած է Փութին:

Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ Խորհրդային Միութեան մէջ հանրապետութիւններու միջեւ սահմանները պայմանական էին, սակայն 1991 թուականին այս բոլոր տարածքները, եւ որ կարեւորագոյնն է` այնտեղ ապրող մարդիկ յանկարծ յայտնուեցան արտասահմանի մէջ եւ արդէն իսկապէս կտրուած էին իրենց պատմական հայրենիքէն:

Փութին ընդգծած է, որ «ամէն ինչ կը փոխուի», ներառեալ` երկիրներն ու հասարակութիւնները, եւ պատմական հանգամանքներու բերումով մէկ ժողովուրդի մէկ մասը «որոշակի պահու կրնայ ինքզինք զգալ, գիտակցիլ իբրեւ առանձին ժողովուրդ»: «Ինչպէ՞ս վերաբերիլ ատոր: Կրնայ ըլլալ միայն մէկ պատասխան` յարգանքով», գրած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Կ՛ուզէ՞ք ձեր սեփական պետութիւնը ստեղծել: Խնդրեմ: Սակայն ի՞նչ պայմաններով», շարունակած է Փութին` յիշեցնելով Ս. Փեթերսպուրկի առաջին քաղաքապետ Անաթոլի Սոպչաքի առաջարկը, որ Խորհրդային Միութեան հիմնադիր հանրապետութիւնները պէտք է վերադառնան այն սահմաններուն, որոնցմով անոնք միացած են Միութեան, իսկ բոլոր միւս տարածքային ձեռքբերումները «քննարկման, բանակցութիւններու առարկայ են»:

Միեւնոյն ժամանակ, Փութին շեշտած է, որ «Ռուսիան ճանչցած է նոր աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները» եւ օգնած անկախ Ուքրանիոյ ձեւաւորման:

Նախորդը

Իրաքն Ու Չինական Պետական Ընկերութիւնը Երկրին Հարաւը Քարիւղաքիմիական Մեծ Գործարան Կառուցելու Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Յաջորդը

«Իրանը Անհրաժեշտութեան Պարագային Կրնայ Իւրանիոմը Մինչեւ 90 Առ Հարիւր Հարստացնել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?