Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իսրայէլի Մէջ Իրենց Դեսպանատան Բացումը Կատարեցին

Յուլիս 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Թել Աւիւի մէջ բացումը կատարուեցաւ Իսրայէլի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան` ներկայութեամբ Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի:

Իսրայէլի նախագահը յայտնեց. «Իսրայէլի մէջ էմիրաթական դեսպանատան բացումը ո՛չ միայն Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւններուն համար կարեւոր է, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար»:

«Թել Աւիւի երկինքին վրայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դրօշը տեսնելը նախապէս հեռաւոր երազի մը նման էր, եւ այսօր իրականութիւն դարձաւ», աւելցուց ան` նշելով, որ ատիկա «մեր երկիրներուն միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր ցուցանիշ է»:

«Այս պատմական համաձայնութիւնը պէտք է ներառէ այլ երկիրներ, որոնք Իսրայէլի հետ խաղաղութեան կը ձգտին», յայտնեց Հերցոկ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնակատար Եոնաթան Ժոնին յայտնեց. «Այս առաւօտ Իսրայէլի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան բացումը խաղաղութեան գնացքին մէջ այլ պատմական պահ մըն է»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց իր կարգին յայտնեց. «Դեսպանատան բացումը պատմական օր մըն է, եւ արմատները ցանուեցան, որպէսզի մեր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարգաւաճին: Անհամբեր կը սպասեմ շրջանային բարգաւաճման ու խաղաղութեան ամրապնդման համար մեր միացեալ աշխատանքին»:

 

Նախորդը

«Իրանը Անհրաժեշտութեան Պարագային Կրնայ Իւրանիոմը Մինչեւ 90 Առ Հարիւր Հարստացնել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

«Թեհրանի Հետ Աշխուժ Բանակցութիւններ Կը Վարենք Իրանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ձերբակալուած Քաղաքացիները Ազատ Արձակելու Հարցով» Կ՛ըսէ Փրայս

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?