Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմը Իբրեւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք Չճանչնալնուն Պատճառով. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Երուսաղէմի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Ձեռնարկը

July 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի մէջ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները պոյքոթի ենթարկեցին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Երուսաղէմի մէջ կազմակերպած ձեռնարկը, որովհետեւ իրենց երկիրները Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք չեն նկատեր:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու դեսպաններ պոյքոթի ենթարկած են Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան նստավայրին մէջ 4 յուլիսին ամերիկեան անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը: Ձեռնարկը պոյքոթի ենթարկածներուն շարքին էին Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ (օրաթերթը յաւելեալ մանրամասնութիւն չհաղորդեց):

Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ պոյքոթին պատճառը այն է, որ Եւրոպան Երուսաղէմը չի ճանչնար իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, իսկ դեսպանատան վայրը վիճելի է` մեկնելով զեկուցումներէ, թէ ատոր մէկ մասը անցած է կանաչ գիծը եւ կը գտնուի 1948-ին բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերուն վրայ:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը գրէ, որ դեսպաններուն որոշումը նեղի կը մատնէ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները, մանաւանդ  որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Թրամփի վարչակազմին օրերուն չորս տարի շարունակ տիրած լարուած յարաբերութիւններէն ետք, նոր եւ դրական էջ մը բացած է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Երուսաղէմը էր եւ կը շարունակէ մնալ պաղեստինցիներու հետ տագնապի մնայուն լուծման փափաքի մէկ մասը, եւ Եւրոպական Միութիւնը ամէն պարագայի զայն իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք չի ճանչնար:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը դէպքը մեկնաբանելով ըսած է. «Հրաւիրեալ դիւանագէտներու ցանկին մասին հարցումներու չենք պատասխաներ»: Թել Աւիւի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը մերժած է մեկնաբանել լուրը, իսկ Գերմանիոյ դեսպանատունը նշած է. «Երուսաղէմի հարցին նկատմամբ մեր կեցուածքը չէ փոխուած»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարարը Առաջարկած Է Մեկուսացնել Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

Յաջորդը

Իրաքն Ու Չինական Պետական Ընկերութիւնը Երկրին Հարաւը Քարիւղաքիմիական Մեծ Գործարան Կառուցելու Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.