Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկելով, Որ Թուրքիան Աֆղանիստանէն Դուրս Պիտի Չգայ. «Քապուլի Օդակայանը Պէտք Է Շարունակէ Իր Աշխատանքը» Կ՛Ըսէ Աքար

July 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար մեկնաբանած է Աֆղանիստանի վերաբերեալ Անգարայի ծրագիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Նախարարը նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կը շարունակուին Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանի կառավարման եւ անվտանգութեան հարցերով բանակցութիւնները:

Աքար նշած է, որ Քապուլի շուրջ թուրք-ամերիկեան երկխօսութիւնը կը շարունակուի կառուցողական եղանակով:

«Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումէն ետք որոշուած են այն շրջանակները, որոնց մէջ կը գործադրուին աշխատանքները», ըսած է նախարարը:

Աքարի համաձայն, Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթինի հետ բանակցութիւններու շարք մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

Բացի ատկէ, ըստ նախարարին, «Թուրքիոյ ջանքերով» դրական յառաջընթաց կը նկատուի ՕԹԱՆ-ի մակարդակով:

«Շատ երկիրներ կան, որոնք կ՛ուզեն օգնել Աֆղանիստանին: Մենք նաեւ անոնց հետ բանակցութիւններ կը վարենք: Այսինքն` հոլովոյթը բազմակողմանի է», ըսած է նախարարը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուցած է, որ 20 տարիէ ի վեր թուրք զինուորները առաքելութիւններ կը կատարեն Աֆղանիստանի մէջ:

«Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին մենք չենք մասնակցած զինուորական առաքելութիւններուն, կը մարզէինք ուժայինները, կը զբաղէինք կառոյցներու պահպանումով, վերականգնումով եւ շինարարութեամբ: Արդէն վեց տարիէ ի վեր կը ղեկավարենք Քապուլի օդակայանը: Մեր նպատակն է նպաստել աֆղան ժողովուրդի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման: Մայրաքաղաքի օդակայանը պէտք է շարունակէ գործել: Հակառակ պարագային Աֆղանիստանը պիտի վերածուի մեկուսացած պետութեան, ինչ որ միջազգային ասպարէզին մէջ յղի է լուրջ վտանգներով», ըսած է Աքար:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Անգարան ուշադիր կը հետեւի Թալեպան շարժումի ստորաբաժանումներու գործողութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան նաեւ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ սահմաններուն վրայ: «Մեզի համար կարեւոր է Թուրքիոյ ուղղութեամբ տեղահանուածներու նոր ալիքներ ձեւաւորելու հարցը: Այս պահուս նման խնդիր չկայ», ըսած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Թալեպան շարժումը զգուշացուցած է, որ յարձակումի պիտի ենթարկէ թրքական ուժերը, եթէ անոնք մնան Աֆղանիստանի տարածքին մէջ: Թալեպանները Թուրքիոյ ղեկավարութեան կոչ ուղղած են հրաժարելու այն որոշումէն, որ «խնդիրներ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու իսլամ ժողովուրդներուն միջեւ»:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Մեկնաբանած Է Դեսպանի` Ազրպէյճանի Կառավարութեան Հրաւէրը Անտեսելն Ու Շուշի Չայցելելը

Յաջորդը

Իտալական Ֆութպոլ. Հրապարակուեցաւ 2021-2022 Տարեշրջանի Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.