Միջազգային

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի.  Փութին Պայտընին Առաջարկած Է Աֆղանիստանի  Շուրջ Աշխատանքը Համակարգել

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի. Փութին Պայտընին Առաջարկած Է Աֆղանիստանի Շուրջ Աշխատանքը Համակարգել

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ժընեւի վեհաժողովի ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճօ Պայտընին առաջարկած է Աֆղանիստանի շուրջ աշխատանքը համակարգել: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը: Ըստ օրաթերթին, Փութին առաջարկած է Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի մէջ ռուսական ռազմակայանները օգտագործել Աֆղանիստանի մէջ կացութեան հսկելու` ռուսական ռազմակայաններուն մէջ գտնուող անօդաչու թռչող սարքերու ճամբով ստացուած տեղեկութիւնները փոխանակելու համար: Լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, թէ ամերիկեան...

Թուրքիան Իրանի Հետ Սահմանին Հսկելու  Նպատակով Գործի Դրած Է Մասնայատուկ Ուժերու  Ջոկատներ Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքեր

Թուրքիան Իրանի Հետ Սահմանին Հսկելու Նպատակով Գործի Դրած Է Մասնայատուկ Ուժերու Ջոկատներ Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքեր

Թուրքիան Իրանի հետ պետական սահմանի ամբողջ օրուան տեւողութեան պահպանման համար տեղակայած է մինչեւ 20 հազար հոգինոց ռազմական անձնակազմ, ներառեալ մասնայատուկ ուժերու ջոկատները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Բացի ատկէ, սահմանի օդային տարածքին մէջ ամբողջ օրուան տեւողութեամբ կ՛աշխատին անօդաչու թռչող սարքեր, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ նուազագոյնի հասցնել ապօրինի գաղթականներու հոսքը: Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանը ներկայիս մասամբ փակուած է...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը` Շուշի Այցելութեան  Հրաւէրը Մերժելու Մասին

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Շուշի Այցելութեան Հրաւէրը Մերժելու Մասին

«Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութիւնը շարք մը հարցումներ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` առնչուած Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին Պաքուի նախաձեռնութիւնը մերժելուն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի այցելութեան ժամանակ Արցախի խնդիրը քննարկելու հետ: «Մենք չենք մեկնաբաներ դեսպանի ժամանակացոյցին առնչուած մանրամասնութիւնները կամ այն պատճառները, թէ ինչո՛ւ ան մասնակցած է կամ չէ մասնակցած որեւէ ձեռնարկի: Մենք կը հասկնանք, որ Պաքուի մէջ...

«Թուրքիան Մտադիր Է Շարունակել  Աֆղանիստանին Աջակցութիւն Տրամադրելը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Մտադիր Է Շարունակել Աֆղանիստանին Աջակցութիւն Տրամադրելը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան հակուած է շարունակելու ԱՖղանիստանին աջակցութեան տրամադրումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Անոնք, որոնք իրաւունքներն ու արդարութիւնը պահպանելու մեր կոչերը քաղաքական երկերեսութիւն կը նկատեն, չէին կրնար հասկնալ, թէ մենք դարձած ենք ճնշուածներու ձայնը, յոյսն ու շնչառութիւնը: Մենք մեր ընկերներուն եւ դրացիներուն ալ կը մաղթենք այն, ինչ որ մենք մեզի համար...

Լուքեշեւիչ. «Հաշուի Առնելով Հարաւային  Կովկասի Մէջ Ծանր Իրավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի  Հիմնախնդիրի Հետագայ Լուծման Հարցին Մէջ  Աջակցութիւնը Պահանջարկ Ունի»

Լուքեշեւիչ. «Հաշուի Առնելով Հարաւային Կովկասի Մէջ Ծանր Իրավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Հետագայ Լուծման Հարցին Մէջ Աջակցութիւնը Պահանջարկ Ունի»

Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքեշեւիչ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստի ընթացքին իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: Դիմելով Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիւ Ռաուին (Լեհաստանը 2022-ին պիտի նախագահէ ԵԱՀԿ-ի մէջ)` Ռուսիոյ ներկայացուցիչը ըսած է. «Հաշուի առնելով Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հետագայ լուծման...

Էրտողան 19 Յուլիսին Պիտի Մեկնի Կիպրոս,  Ուր «Ուրախալի Լուր» Մը Պիտի Յայտնէ

Էրտողան 19 Յուլիսին Պիտի Մեկնի Կիպրոս, Ուր «Ուրախալի Լուր» Մը Պիտի Յայտնէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն (ՀԿԹՀ) կատարած այցելութեան ընթացքին, որ նախատեսուած է երկուշաբթի, 19 յուլիսին, լաւ լուր մը պիտի յայտնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու»¬ն: «Ես կ՛ուզեմ այդ մասին յայտարարել ՀԿԹՀ խորհրդարանին մէջ: Ատիկա պիտի ըլլայ դրական քայլ, որուն նախնական նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են», Պոլսոյ Այա Սոֆիա մզկիթին մէջ ուրբաթօրեայ նամազէն...

Թրքական Նաւը Կրակ Բացած Է Կիպրոսի Առափնեայ  Ծառայութեան Նաւուն Ուղղութեամբ

Թրքական Նաւը Կրակ Բացած Է Կիպրոսի Առափնեայ Ծառայութեան Նաւուն Ուղղութեամբ

Թրքական նաւակ մը Կիպրոսի կղզիի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ կրակ բացած է Կիպրոսի առափնեայ ծառայութեան նաւու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով կիպրական աղբիւրին: «Թրքական առափնեայ ծառայութիւնը լուրջ սադրանք կատարած է` կրակ բանալով Կիպրոսի Հանրապետութեան առափնեայ ծառայութեան նաւուն ուղղութեամբ, որ կանոնաւոր հերթապահութիւն կը կատարէր լուսաբացին Քաթօ Փիրկոս շրջանին մօտ: Ոստիկանութեան տուեալներով` անձնակազմի երեք անդամ ունեցող առափնեայ ծառայութեան փոքր...

«Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Յարաբերութիւնները  Հասան Աննախադէպ Մակարդակներու»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Յարաբերութիւնները Հասան Աննախադէպ Մակարդակներու» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուայի եւ Փեքինի միջեւ յարաբերութիւնները հասած են աննախադէպ մակարդակներու եւ ռազմավարական գործընկերութեան մէջ գործակցութեան օրինակի վերածուած են: Ան այս մասին նշեց Ռուս-չինական բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան 20-ամեակին առիթով «Ռուսիսքայա Կազեթա» օրաթերթին եւ չինական «Ժողովուրդը» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ: «Բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ գործակցութեան համաձայնագիրի կնքումը ռուս-չինական...

Ուզպեքիստանը, Միացեալ Նահանգները, Աֆղանիստանը  Եւ Փաքիստանը Աֆղանիստանի Հարցով  Խորհրդակցութիւններու Նոր Ձեւաչափ Ստեղծած Են

Ուզպեքիստանը, Միացեալ Նահանգները, Աֆղանիստանը Եւ Փաքիստանը Աֆղանիստանի Հարցով Խորհրդակցութիւններու Նոր Ձեւաչափ Ստեղծած Են

Ուզպեքիստանը, Միացեալ Նահանգները, ԱՖղանիստանը եւ Փաքիստանը համաձայնած են խորհրդակցութիւններու նոր քառակողմ հարթակ ստեղծելու մասին` ուղղուած աֆղանական խաղաղ հոլովոյթի աջակցութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին երէկ յայտարարած է Ուզպեքիստանի արտաքին գործոց նախարար Սուսուփ Քապուլժանով` «Կեդրոնական եւ Հարաւային Ասիա. Շրջանային փոխադարձ գործակցութիւն: Մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: «Յայտարարութիւնը կը փաստէ Միացեալ Նահանգներ-Ուզպեքիստան-ԱՖղանիստան-Փաքիստան քառակողմ ձեւաչափի մասին, որ կոչուած է աջակցելու...

Պայտըն Ֆլէյքի Թեկնածութիւնը  Առաջադրած Է  Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանի Պաշտօնին

Պայտըն Ֆլէյքի Թեկնածութիւնը Առաջադրած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Թուրքիոյ մէջ դեսպանի պաշտօնին առաջադրած է նախկին հանրապետական ծերակուտական, քրիստոնեայ միսիոնար Ճեֆ Ֆլէյքի թեկնածութիւնը: «Ասիկա առանցքային դիրքորոշում է մեր երկու երկիրներուն համար կարեւոր ժամանակաշրջանի մէջ», ըսած է Ֆլէյք` իր նշանակումին յաջորդած յայտարարութեան մէջ: Հակառակ հանրապետական ըլլալուն` Ֆլէյք նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի աշխուժ քննադատն էր եւ անոր կը յորդորէր հրաժարիլ նախագահի պաշտօնին առաջադրուելէ: Դեսպանի պաշտօնը ստանձնելուն...

Փաքիստան Կ՛առաջարկէ Թուրքիան Ներառել  Աֆղանական Խնդիրի Լուծման Գործին Մէջ

Փաքիստան Կ՛առաջարկէ Թուրքիան Ներառել Աֆղանական Խնդիրի Լուծման Գործին Մէջ

Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խան անհրաժեշտ կը նկատէ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը աֆղանական խնդիրի լուծման: Ուզպեքիստանի ղեկավար Շաւքաթ Միզիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք Խան յայտարարած է, որ այդ խնդիրի լուծման մէջ պէտք է ներառուին այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Փաքիստանը, Ուզպեքիստանը եւ Տաճիկիստանը: Ան Թուրքիան եւս ներառած է այս ցուցակին վրայ: Ան այս առնչութեամբ առաջարկած է մշակել եւ կայացնել այդ...

Ողողումներ` Պելճիքայի Եւ Գերմանիոյ Մէջ

Ողողումներ` Պելճիքայի Եւ Գերմանիոյ Մէջ

Պելճիքայի հարաւը ողողումներու պատճառով զոհերու թիւը հասած է 11-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Էռ.Թէ.Պէ.էֆ.» պատկերասփիւի կայանը: «Իշխանութիւնները հաստատած են 11 մարդու մահը, երեք փրկարար, որոնց նաւակը շրջուած է ցեխային հոսքի մէջ, անհետ կորսուած կը նկատուին», նշուած է նիւթին մէջ: Ողողումներուն պատճառ դարձած են յորդառատ անձրեւները, որոնք յանգեցուցած են քանի մը գետերու ջուրի մակարդակի բարձրացման: Լիմպուրկի մէջ մէկ օրուան մէջ տեղացած...

Պայտընն Ու Մերքելը Ստորագրած Են  «Ուաշինկթընեան Հռչակագիր»-ը

Պայտընն Ու Մերքելը Ստորագրած Են «Ուաշինկթընեան Հռչակագիր»-ը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումին աւարտին ստորագրած են «Ուաշինկթընեան հռչակագիր»-ը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Համաձայնագիրը, որ ստորագրած ենք, փաստաթուղթ է, որ կը հաստատէ մեր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական այն կուռ սկզբունքներուն նկատմամբ, որոնք կը կազմեն մեր երկիրներուն հիմը, ինչպէս նաեւ այն, որ մենք պիտի կիրարկենք զանոնք այժմեան ու գալիք նշանակալի...

Թուրքիան Կը Յուսայ, Որ Պայտընի  Վարչակազմը Կ՛արտայանձնէ Կիւլենը

Թուրքիան Կը Յուսայ, Որ Պայտընի Վարչակազմը Կ՛արտայանձնէ Կիւլենը

Թուրքիան կը յուսայ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմի օրերուն հասնիլ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական ճանչցուած կիւլենական շարժումի ղեկավար Ֆեթուլլահ Կիւլենի արտայանձնման: Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հասան Մուրաթ Մերքանը: «Մեր իրաւասու մարմինները սերտ կապի մէջ են ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ, ուստի յոյսով եմ, որ ատիկա (արտայանձնումը) օր մը պիտի իրականացուի», ըսած է թուրք դիւանագէտը: «Անգարան...

Ալիեւ Հաստատած Է Ազրպէյճանի Եւ Պիելոռուսիոյ  Միջեւ Գաղտնի Տեղեկութեան  Փոխանակման Մասին Համաձայնագիրը

Ալիեւ Հաստատած Է Ազրպէյճանի Եւ Պիելոռուսիոյ Միջեւ Գաղտնի Տեղեկութեան Փոխանակման Մասին Համաձայնագիրը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ օրէնք ստորագրած է Պիելոռուսիոյ հետ գաղտնի տեղեկութիւններու փոխանակման մասին: «Մինվալ» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ստորագրած է «Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան ծիրին մէջ գաղտնի տեղեկութեան փոխադարձ փոխանցման մասին համաձայնագիրի հաստատման վերաբերեալ» օրէնքը: Այդպիսով, հաստատուած է 18 մայիս 2021-ին Պաքուի մէջ կնքուած համաձայնագիրը:

«Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ  Յաւելեալ Շօշափելի Քայլեր Պիտի Տեսնենք»  Կ՛ըսէ Չելիք

«Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Յաւելեալ Շօշափելի Քայլեր Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Չելիք

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմար Չելիք յայտարարեց. «Յառաջիկայ փուլին Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յաւելեալ շօշափելի քայլեր պիտի տեսնենք»: Չելիք իշխող կուսակցութեան ժողովէն ետք, մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի միջեւ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, ըսաւ. «Այսուհետեւ յաւելեալ շօշափելի քայլեր պիտի տեսնենք»: Էրտողանի կուսակցութեան բանբերը նշեց. «Գոյութիւն ունին գործակցութեան այլ ոլորտներ,...

Լը Տրիան Եւ Պլինքըն Խօսած Են Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման Մասին

Լը Տրիան Եւ Պլինքըն Խօսած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման Մասին

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան, որ 13-14 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն էր, յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այցելութեան արդիւնքներուն ամփոփման ծիրին մէջ Լը Տրիան յայտնած է, որ միջազգային ու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շարքին, կողմերը քննարկած...

Իրանի Նոր Նախագահը Տարբեր Կերպ  Շնորհակալութիւն Յայտնած Է  Փաշինեանին Եւ Ալիեւին

Իրանի Նոր Նախագահը Տարբեր Կերպ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին Եւ Ալիեւին

Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով շնորհաւորելնուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»¬ն: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ռայիսին առանձին ուղերձներով շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին: «Նորընտիր նախագահը, բարօրութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ...

Միացեալ Նահանգներ 5 Միլիոն Տոլար  Պիտի Յատկացնեն Հայաստանի Մէջ  Երիտասարդներու Հետ Աշխատանքի Համար

Միացեալ Նահանգներ 5 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնեն Հայաստանի Մէջ Երիտասարդներու Հետ Աշխատանքի Համար

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (Եու. Էս. Էյտ) պատրաստ է 5 միլիոն տոլար յատկացնելու` Հայաստանի երիտասարդութիւնը «հասարակութեան մէջ ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ գործելաոճի խթանման գործին մէջ» ներգրաւելու համար: Այս մասին կը նշուի դրամաշնորհի նկարագրութեան մէջ: Ըստ փաստաթուղթին, վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին հայ երիտասարդները աշխուժօրէն կը մասնակցին նաեւ երկրի քաղաքական կեանքին: Այսպէս, նման մասնակցութիւնը յատկապէս վառ արտայայտուած է հանրապետութեան մէջ, այսպէս...

Հակառակ Ամերիկացի Լրագրողի Առեւանգման Մեղադրանքին. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Հիւլէական Գործարքին Շուրջ Իրանի Հետ Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Փսաքի

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը շարունակեն Իրանի հետ բանակցութիւնները` անկախ Թեհրանի հասցէին հնչող նոր մեղադրանքներէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները երեքշաբթի օր Իրանի գաղտնի սպասարկութիւնը մեղադրած էին ամերիկացի կին լրագրող մը առեւանգելու եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն դուրս բերելու նպատակով դաւադրութեան կազմակերպման յանցանքով: Այս գործով մեղադրանքը...

Page 334 of 883 1 … 333 334 335 … 883

Արխիւներ