Դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրան պատրաստ չէ իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը վերականգնելու շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու, նախքան Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի իշխանութիւնը ստանձնելը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրան այս կեցուածքը յայտնած է եւրոպացի պաշտօնատարներուն, որոնք Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդութիւն կը կատարեն:
Դիւանագիտական աղբիւրը աւելցուցած է, որ ներկայ կեցուածքը այն է, որ բանակցութիւնները օգոստոսի կէսէն առաջ պիտի չշարունակուին:
Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ ապրիլէն ի վեր Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցան Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ ծրագիրը փրկելու համար բանակցութիւններու 6 փուլեր: