Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական «Ուամ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ քննարկած է հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու զարգացումները:
Պայտըն զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է եւ գնահատած Աֆղանիստանէն ամերիկացի դիւանագէտներու եւ քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ բարեկամ պետութիւններու քաղաքացիներու եւ այդ երկիրներու մուտքի արտօնագիրներ ունեցող աֆղաններու հեռացման գործողութիւններուն ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն տրամադրած աջակցութիւնն ու դիւրութիւնները:
«Բարձր կը գնահատենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետութեան ամերիկացի քաղաքացիներու եւ դեսպանատուներու պաշտօնեաներու անվտանգ անցքը դիւրացնելու մարդասիրական ջանքերը», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:



