Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Մարճըրի Թէյլոր Կրին (Հանրապետական կուսակցութիւն) Քոնկրեսին առաջարկած է նախագահ Ճօ Պայտընի նկատմամբ միատեղ երեք պաշտօնազրկման հոլովոյթ յայտարարել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Անոր համաձայն, Քոնկրեսի քննարկման իր ներկայացուցած բանաձեւերէն մէկը կը նախատեսէ Պայտընի իշխանութենէն հեռացումը այն պատճառով, որ վերջինս 10000 ամերիկացի ձգած է աֆղանական Թալեպան շարժումի իշխանութեան տակ: Բացի ատկէ, Կրինի կարծիքով` նախագահը խախտած է ներգաղթի օրէնսդրութիւնը` ճգնաժամ ստեղծելով հարաւային սահմանին վրայ: Երրորդ կէտը այն է, որ ըստ քոնկրեսականին, Պայտըն, ի հեճուկս Գերագոյն դատարանի դիրքորոշումին, ինքն իրեն օրէնսդրական լիազօրութիւններ վերապահած է` երկարելով կացարանի վարձակալներու վտարման վերաբերեալ ժամկէտի յետաձգումը:
«Ճօ Պայտընի նախագահութեան 7 ամսուան ընթացքին Ամերիկան կորսնցուցած է ամբողջ աշխարհի յարգանքը: Ապացոյցները ակնյայտ են, իսկ անոր քայլերը այնքան ակնյայտ են, որ անոր նկատմամբ պաշտօնազրկման հոլովոյթ պէտք է յայտարարուի», ըսած է քոնկրեսականը: