«Սի.Այ.Էյ.»-ի Տնօրէնը Գաղտնի Հանդիպում Ունեցած Է Թալեպան Շարժումի Քաղաքական Գրասենեակի Ղեկավարին Հետ
«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած է Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Ապտալլա Ղանի Պարատարի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու: Աղբիւրին տուեալներով, հանդիպումը տեղի ունեցած է երկուշաբթի օր: Կը նշուի, որ ատիկա նման մակարդակի առաջին երկխօսութիւնն է ամերիկեան վարչակազմի եւ թալեպան ղեկավարներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու միջեւ: Օրաթերթը կը յիշեցնէ,...




















