Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Նախկին Փոխնախագահի Ուժերը Փանժշիրի Մէջ Կը Կռուին Թալեպաններուն Դէմ. Տոսթոմ Եւս Շրջան Կ՛ուղարկէ Իր Ուժերը

August 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աֆղանիստանի նախկին փոխնախագահ Ամրուլլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերը Թալեպան շարժումի զինեալներուն դէմ մարտեր կը մղեն Քապուլէն հիւսիս գտնուող Փանժշիրի մէջ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանամէտ «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը:

«Ալամ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Սալեհի հաւատարիմ ուժերը գրաւած են Փարվանի նահանգի Չարինքարի շրջանը` այնտեղէն դուրս մղելով թալեպանները: Չարինքարէն եւ Սալանկի փապուղիէն կ՛անցնի Քապուլը Մազարի Շարիֆի` Պալխի հիւսիսարեւմտեան նահանգի վարչական կեդրոնին կապող ռազմավարական խճուղին:

Աֆղանական զինուորական աղբիւրը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Ազգային իսլամական շարժումի ղեկավար մարշալ Ապտուլռաշիտ Տոսթոմը այժմ Փանժշիրի կիրճ ուղարկած է 10 հազար զինուոր:

Աշրաֆ Ղանիի նախագահութեան օրով երկրի փոխնախագահի պաշտօնը վարած Ամրուլա Սալեհ 17 օգոստոսին յայտարարած է, որ պետութեան ղեկավարի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ըստ սահմանադրութեան, ինք կը դառնայ երկրի ղեկավարի պաշտօնակատար: Քաղաքական գործիչը աֆղաններուն կոչ ուղղած է «միանալու» Թալեպան արմատական շարժումին դէմ «դիմադրութեան»` ընդգծելով. «Ոչ մէկ կարգի հանգամանքի մէջ պիտի հպատակինք թալեպաններուն»:

Աֆղան հռչակաւոր մարտական ղեկավար Ահմետ Շահ Մասուտի որդին` Ահմետ Մասուտ յայտարարեց, որ իր հօրը պէս նոր յեղափոխութիւն պիտի կատարէ թալեպաններուն դէմ, որոնց հետ պիտի չհաշտուի եւ համաձայնութիւն պիտի չգոյացնէ, «այլ անոնց դէմ մինչեւ մեր կեանքի վերջին պահը պիտի կռուինք»: Կը հաղորդուի, որ ան Ամրուլլա Սալեհի կողքին Փանժշիրի մէջ կը կռուի թալեպաններուն դէմ:

Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանին եւ անոր ընտանիքը կը գտնուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, «որոնք զանոնք հիւրընկալեցին մարդասիրական պատճառներով»:

Փենթակոն. «Թալեպանները Կը Շարունակեն
«
Քայիտա»-ին Աֆղանիստանի Մէջ Ապաստան Տրամադրել»

Թալեպան արմատական շարժումը ընթացիկ տարուան ապրիլ ամիսէն մինչեւ յունիսի վերջը շարունակած են «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան Աֆղանիստանի մէջ ապաստան տրամադրել: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Փենթակոնը:

Նախապէս Թալեպան շարժումի բանբեր Սուհէյլ Շահին յայտարարած էր, որ իրենք «Քայիտա»-ին եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն պիտի չարտօնեն գործել Աֆղանիստանի տարածքին մէջ: Սակայն Փենթակոնի` Քոնկրեսին ներկայացուած վերջին եռամսեակի հաշուետուութեան մէջ կը նշուի. «Թալեպան շարժումը շարունակած է յարաբերութիւններ պահպանել «Քայիտա»-ի հետ` ահաբեկչական խմբաւորման Աֆղանիստանի մէջ ապաստան տրամադրելով»:

Միւս կողմէ, Փենթակոն երէկ յայտարարեց. «Աֆղանիստանի մէջ հարցերը տակաւին փոփոխական են»:

 

Նախորդը

Աքար Եւ Հասանով Խօսած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան Մասին

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Աֆղանիստանի Զարգացումները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.