Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը չի կրնար Թալեպան շարժումի իշխանութեան տիրանալէն ետք Աֆղանիստանէն «յաւելեալ գաղթի բեռը» տանիլ:
Էրտողան Մերքելին ըսաւ. «Նոր գաղթի ալիք մը անխուսափելի է, եթէ Աֆղանիստանի եւ Իրանի մէջ պէտք եղած քայլերը չորդեգրուին»:
«Թուրքիան, որ արդէն հինգ միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ, չի կրնար յաւելեալ գաղթի բեռը տանիլ», աւելցուց ան:
Էրտողան քննադատեց Եւրոպական Միութեան «տատամսումը»` ինչ կը վերաբերի Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ գաղթականներու հոսքը կասեցնելու շուրջ 2016 թուականին ստորագրուած համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ դիմումին: