Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ. «Թալեպան Շարժումը Կը Հետապնդէ Օտար Ուժերու Հետ Գործակցած Աֆղանները»

August 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ըստ ՄԱԿ-ի մէկ գաղտնի զեկուցումին, Թալեպան շարժումը օտար ուժերու հետ գործակցած աֆղաններու հետապնդման գործողութիւններուն թափ տուած է:

ՄԱԿ-ի համար զեկուցումը պատրաստած խումբ մը փորձագէտները կը յայտնեն. «Թալեպան շարժումը պատրաստած է անուանացանկ մը առաջնահերթ անձնաւորութիւններու, որոնց կ՛ուզէ ձերբակալել, հակառակ ընդդիմադիրներէն վրէժ չլուծելու շարժումին խոստումներուն»:

Ըստ զեկուցումին, ամէնէն վտանգուածները անոնք են, որոնք աֆղանական զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած են: Թալեպանները նպատակադրուած կերպով այցելած են տուները այն անձերուն, որոնց կ՛ուզեն ձերբակալել, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն տուները: Շարժումը նաեւ Քապուլի միջազգային օդակայան հասնիլ փորձող անձերուն անցագիրները կը ստուգէ եւ Քապուլի ու Ժալալապատի մէջ անցարգելներ հաստատած է:

Միւս կողմէ, Թալեպան շարժումի պաշտօնատարներէն մէկը երէկ յայտնեց, որ բազմաթիւ պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ շարժումի ղեկավարներուն հետ կը հաղորդակցին` իրենց քաղաքացիներն ու պաշտօնեաները մայրաքաղաք Քապուլէն հեռացնելու օգնութիւն խնդրելով:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը իր կարգին երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը հինգշաբթի օր Քապուլի օդակայանէն «Սի-17» օդանաւերու 16 թռիչքներու ճամբով շուրջ երեք հազար մարդ Աֆղանիստանէն հեռացուցած է` նշելով, որ անոնց շուրջ 350-ը ամերիկացիներ են:

Թալեպանները Փակած Են
Քապուլի Օդակայանին Մուտքը

Թալեպան արմատական շարժումի զինեալները փակած են Քապուլի օդակայանի ճամբան: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին:

Աղբիւրին տեղեկութիւններով` թալեպանները կը խոչընդոտեն հիմնականին մէջ երկրէն հեռանալ ուզող աֆղաններու` օդակայան մտնելու կարելիութիւնը:

Նախապէս կը հաղորդուէր, որ արմատականները իրենց հերթապահները կը տեղակայեն օդակայանէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Կը հաղորդուի, որ փաքիստանեան օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը շուրջ 350 մարդ փոխադրած է Իսլամապատ: Փաքիստանէն այլ օդանաւ մը եւս էջք կատարած է Քապուլի մէջ` աֆղաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ աշխատող օտարերկրեայ քաղաքացիներ տեղափոխելու համար:

Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ: Հազարաւոր մարդիկ կ՛ուզեն երկրէն հեռանալ: Օդակայանին մէջ կարգ ու կանոնին կը հետեւին ամերիկացի զինուորները:

Յիշեցնենք, որ թալեպանները Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման զուգահեռ աշխուժ գործողութիւններու սկսած էին եւ 15 օգոստոսին մուտք գործած էին երկրի մայրաքաղաք Քապուլ: Ժամեր ետք երկրի նախագահ Աշրաֆ Ղանին հրաժարած էր եւ հեռացած երկրէն:

Նախորդը

«Թուրքիան Մտադիր Չէ Գաղթականներու Համար Նախատեսուած Եւրոպական «Պահեստային Ապաստարան»-Ի Վերածուելու» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Թալեպանները ՄԱԿ-էն Խնդրած Են Չհեռանալ Աֆղանիստանէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.