Միջազգային

«Այսօր Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կայունութեան Եւ, Իբրեւ Արդիւնք, Փոխադարձ Բարգաւաճման Առիթներ Ունին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Պաքուն Եւ Մոսկուան Կը Շարունակեն Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Լիազօրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացումը

Ազրպէյճանն ու Ռուսիան կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան առնչուած լրացուցիչ իրաւական գործիքակազմեր: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: «Ինչ կը վերաբերի խաղաղապահներու լիազօրութեան վերաբերեալ լրացուցիչ համաձայնագիրներուն եւ լրացուցիչ իրաւական գործիքակազմերուն, ապա այդ առնչութեամբ կողմերուն միջեւ եղած են նախնական հաղորդակցութիւններ եւ որոշակի քննարկումներ տակաւին կը շարունակուին», ըսած է Հաճիեւ: Ան ընդգծած...

Իրան Կը Դատապարտէ Յարձակումը.  Թալեպան Շարժումը Փանժշիր Նահանգին  Ամբողջութեամբ Տիրելը Կը Յայտարարէ.  Դիմադրութեան Ուժերը Կը Հերքեն

Իրան Կը Դատապարտէ Յարձակումը. Թալեպան Շարժումը Փանժշիր Նահանգին Ամբողջութեամբ Տիրելը Կը Յայտարարէ. Դիմադրութեան Ուժերը Կը Հերքեն

Թալեպան շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Քապուլի հիւսիսը գտնուող աֆղանական Փանժշիր նահանգը ամբողջութեամբ կը գտնուի շարժումին վերահսկողութեան տակ: Մուժահետ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Փանժշիր նահանգին մէջ թշնամիի վերջին ամրոցը ամբողջութեամբ գրաւուեցաւ, եւ Փանժշիր նահանգը ամբողջութեամբ ենթարկուեցաւ Թալեպանի քաղաքական վարչակարգի իսլամական էմիրութեան»: Ան նշեց, որ կարգ մը ըմբոստներ ճակատամարտի դաշտին վրայ պարտութեան մատնուած են եւ ուրիշներ փախուստի դիմած: Թալեպան շարժումը...

«Թեհրանի Եւ Ռիատի Միջեւ Բանակցութիւններու  4-րդ Փուլի Կայացումը Կախեալ Է  Երկու Կողմերուն Համար Յարմար Ժամկէտէն»  Կ՛ըսէ Ինայաթի

«Թեհրանի Եւ Ռիատի Միջեւ Բանակցութիւններու 4-րդ Փուլի Կայացումը Կախեալ Է Երկու Կողմերուն Համար Յարմար Ժամկէտէն» Կ՛ըսէ Ինայաթի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Ծոցի շրջանի հարցերով օգնական Ալի Ռիտա Ինայաթի յայտնեց, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւնները սկսած են անցեալ մարտին եւ երեք ամիսներու վրայ շարունակուած: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր ամիս մէկ հանդիպում տեղի ունեցած է: Հանդիպումները դադրած են Իրանի մէջ նոր կառավարութեան իշխանութեան ստանձնումին եւ իսլամական ուխտագնացութեան թուականի մօտենալուն պատճառով: «Սէուտական Արաբիան շրջանային հարցերու նկատմամբ նոր գործելաոճ...

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է  Քապուլի Մէջ Իր Ներկայութիւնը Ապահովէ»  Կ՛ըսէ Պորել

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Քապուլի Մէջ Իր Ներկայութիւնը Ապահովէ» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել կողմ արտայայտուած է այն միտքին, որ Եւրոպական Միութիւնը բանակցութիւններու սկսի Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պորել այս մասին յայտնած է ֆրանսական «Ժուռնալ տիւ Տիմանշ» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Թալեպանները մեզի համար կը դառնան բանակցութիւններուն մէջ անխուսափելի զրուցակիցներ: Մենք պէտք է ապահովենք Քապուլի մէջ մեր...

Հնդկաստանի Ութար Փրատեշ Նահանգին Մէջ  Վերջերս Տարածուած Անյայտ Տենդին  Պատճառով Դպրոցները Պիտի Փակուին

Հնդկաստանի Ութար Փրատեշ Նահանգին Մէջ Վերջերս Տարածուած Անյայտ Տենդին Պատճառով Դպրոցները Պիտի Փակուին

Հնդկաստանի հիւսիսային Ութար Փրատեշ նահանգի իշխանութիւնները հրահանգած են մինչեւ 6 սեպտեմբեր դպրոցներու մէջ ջնջել 1-8-րդ դասարաններու աշակերտներու համար բոլոր դասերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով տեղւոյն աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ պատճառը անյայտ տենդի տարածումն է: Ախտանշաններով «Տենկէ» տենդին նմանող, սակայն մահերու աւելի մեծ ցուցանիշ ունեցող հիւանդութեան տարածման կեդրոնը Ֆիրոզապատ շրջանն է, ուր տարբեր տուեալներով մահացած են 40-50 մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը...

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը  Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է»  Կ՛ըսէ Պաքու

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ` Կառավարական Կայքին Վրայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Եզրը Օգտագործելուն Համար

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Ռուսիոյ` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան զինաւաններու զօրանոցային-բնակարանային համալիր ապահովման կազմակերպման մրցումի յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եզրը օգտագործելուն համար: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւան նշած է. «Այս հարցով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական խողովակներով անյապաղ բողոք յղած է ռուսական կողմին: Նշուած է, որ նման ապատեղեկատուութիւնը չի...

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը Այսօր Կ՛որդեգրէ Լիբանանը Իր Տագնապէն Փրկելու Ուղեգիծ Մը

«Ֆրանսան Հետաքրքրուած Է Աֆղանիստանի Կացութիւնը Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Հետ Քննարկելով» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնեց, որ Ֆրանսան հետաքրքրուած է ԱՖղանիստանի կացութեան շուրջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ երկխօսութեամբ` նշելով, որ իր երկիրը կրնայ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ ունենալ հասարակաց շահեր, որոնք կ՛ամփոփուին այն կէտով, որ ԱՖղանիստանը ահաբեկիչներու ռազմակայան չդառնայ: «Ուստի պէտք է ջանանք երկխօսութիւն կատարել այդ երկու երկիրներուն հետ, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրին մէջ», ֆրանսական «Լը...

«Լեռնային Ղարաբաղի Կարգաւորման Շուրջ  Համաձայնութիւնները Յաջողութեամբ  Կ՛իրականացուին»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Լեռնային Ղարաբաղի Կարգաւորման Շուրջ Համաձայնութիւնները Յաջողութեամբ Կ՛իրականացուին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կրթական մարաթոնի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած է Ռուսիոյ եւ այդ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերը 2020 թուականին Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմը դադրեցնելու գործին մէջ: «Խօսելով անցեալ տարուան մասին` մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր ջանքերուն, նախ եւ առաջ մեր նախագահի ջանքերուն մասին Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման...

«Քապուլի Օդակայանը Կառավարելու Ընթացքին  Թուրքիան Կամ Քաթարը Պէտք Չէ Մինակ Ըլլան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Քապուլի Օդակայանը Կառավարելու Ընթացքին Թուրքիան Կամ Քաթարը Պէտք Չէ Մինակ Ըլլան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

ԱՖղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի օդակայանը կրնար վերսկսիլ աշխատանքը Թուրքիոյ եւ Քաթարի կողմէ ֆինանսական օգնութեան շնորհիւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թոլօ Նիուզ»-ը: «Քապուլի օդակայանը Քաթարէն եւ Թուրքիայէն ստացած 30 միլիոն տոլարի չափով ելեւմտական աջակցութեամբ պիտի սկսի աշխատիլ երկու օրուան ընթացքին», կայքը կը մէջբերէ Թալեպան շարժումի բանբեր շէյխ Մոհամետ Ապպաս Սթանեքզայի խօսքերը: Նախապէս Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը խօսած էր Քապուլի մէջ օդակայանը բանալու...

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Դամասկոսի երկինքին վրայ դէմ դրած են հրթիռներու եւ անոնց մեծամասնութիւնը վնասազերծած են: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին»-ը: Աղբիւրը նշեց, որ իսրայէլեան օդուժը ուրբաթ օր արշալոյսին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւ արեւելեան ուղղութենէն հրթիռներ արձակած է` թիրախ դարձնելով Դամասկոսի մերձակայքը: Աղբիւրը յայտնեց, որ միայն նիւթական վնասներ արձանագրուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին,...

Դանակով Յարձակում Նոր Զելանտայի Մէջ.  Երկրին Վարչապետը Յարձակումը  Կը Նկատէ Ահաբեկչութիւն

Դանակով Յարձակում Նոր Զելանտայի Մէջ. Երկրին Վարչապետը Յարձակումը Կը Նկատէ Ահաբեկչութիւն

Նոր Զելանտայի Օքլընտ քաղաքի հանրային խանութներէն մէկուն մէջ երէկ այցելուներէն մէկը դանակով յարձակեցաւ յաճախորդներու վրայ: Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան վեց վիրաւորներ, որոնցմէ երեքին վիճակը ծանր է: Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտեռն կատարուածը կոչեց ահաբեկչութիւն: «Յարձակումի հեղինակ սերելանքացին յարձակումը գործեց ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զօրակցող գաղափարաբանութենէ մեկնելով»:  

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Բանակները  Պաքուի Մէջ Միացեալ  Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Բանակները Պաքուի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Պաքուի մէջ կը կատարեն միացեալ ռազմափորձեր, որոնց հիմնական նպատակը զինուորական գործողութիւններու ընթացքին երկու երկիրներու բանակներու փոխադարձ գործակցութեան բարելաւումն է: Այդ մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն մասնակցութեամբ ռազմափորձերու հիմնական նպատակն է բարելաւել զինուորական գործողութիւններու ընթացքին երկու երկիրներու բանակներու փոխադարձ գործակցութիւնը, զարգացնել հրամանատարներու հմտութիւնները զինուորական որոշումներ կայացնելու եւ ստորաբաժանումներու ղեկավարման գործին մէջ», կը...

Իրանն Ու Թուրքիան Կը Քննարկեն Ջուրի  Առնչուած Վէճերու Լուծման Ուղիները

Իրանն Ու Թուրքիան Կը Քննարկեն Ջուրի Առնչուած Վէճերու Լուծման Ուղիները

1 սեպտեմբերին Իրանն ու Թուրքիան քննարկած են իրենց սահմաններուն երկայնքին ջուրի առնչուած վէճերը լուծելու ուղիները: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Իրանի Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգի ջրային հարստութեան բաժանմունքի գործադիր տնօրէն Եասեր Ռահպարտի ուսումնասիրած է Իրանի Պազարկան քաղաքի ջրային հարստութիւններուն վրայ Թուրքիոյ կողմէ Իրանի հետ սահմանի երկայնքով սահմանային պատի կառուցման ազդեցութիւնը: «Որովհետեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանամերձ տարածքներու մէջ...

Թալեպան Շարժումը Փանժշիրի Մէջ Մեծ  Կորուստներ Կրած Է Եւ Կորսնցուցած  Վերահսկողութիւնը Քանի Մը Գաւառի Վրայ

Թալեպան Շարժումը Փանժշիրի Մէջ Մեծ Կորուստներ Կրած Է Եւ Կորսնցուցած Վերահսկողութիւնը Քանի Մը Գաւառի Վրայ

Աֆղանիստանի Ազգային դիմադրութեան ճակատը հաղորդած է, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Չարիքար քաղաքը` Քապուլէն դէպի հիւսիս գտնուող Փարվանի նահանգի կեդրոնը, եւ որ Թալեպան շարժումը Փենճապի մէջ տեղի ունեցած մարտերու պատճառով մեծ կորուստներ կրած է: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: Ճակատի ներկայացուցիչները «Թուիթըր»-ի վրայ գրած են, որ հինգշաբթի գիշեր թալեպանները Փանժշիրի հարթավայրին վրայ յարձակումը...

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Օգնելու Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի  Միջեւ Յարաբերութիւններու Բարելաւման»

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է Օգնելու Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բարելաւման»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է օգնելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Զախարովա այս մասին յայտնած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Ան նշած է, որ Մոսկուան դրական ազդակներ կը տեսնէ երկիրներուն միջեւ: «Մենք արձանագրած ենք վերջերս դրական ազդակներու փոխանակում Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ. նկատի ունիմ` արձանագրած ենք...

Թալեպանները Զինուորական  Գործողութեան Պիտի Սկսին Փանժշիրի Մէջ

Թալեպանները Զինուորական Գործողութեան Պիտի Սկսին Փանժշիրի Մէջ

Թալեպան շարժումը որոշած է զինուորական գործողութեան սկսիլ Փանժշիրի մէջ` Դիմադրութեան ճակատի ուժերուն դէմ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Ժազիրա», վկայակոչելով Թալեպան շարժումի աղբիւրը, կը նշէ, որ ատիկա տեղի ունեցած է Դիմադրութեան ճակատի ուժերու ղեկավար Ահմետ Մասուտի հետ բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք: Ահմետ Մասուտ նախապէս յայտարարած էր, որ թալեպաններու դէմ պայքարը պիտի դադրեցնէ, եթէ նոր...

«Աշխատանք Կը Տանինք Վերականգնելու Քապուլի  Օդակայանի Աշխատանքը, Եւ Կրնանք Թուրքիոյ Հետ  Անոր Կառավարման Մասնակցիլ»  Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Աշխատանք Կը Տանինք Վերականգնելու Քապուլի Օդակայանի Աշխատանքը, Եւ Կրնանք Թուրքիոյ Հետ Անոր Կառավարման Մասնակցիլ» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ Տոհան Թալեպան շարժումին հետ կը գործակցի ԱՖղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանի աշխատանքի վերականգնման համար: Ան իր բրիտանացի պաշտօնակից Տոմինիք Ռափի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ Քաթար Թուրքիոյ հետ աշխատանք կը տանի Քապուլի օդակայանի կառավարման առումով թեքնիք աջակցութիւն տրամադրելու համար: «Կը սերտենք, եթէ քաթարեան աջակցութիւնը պիտի...

«Մենք Կը Նպաստենք Ազրպէյճանի Մէջ  Խաղաղութեան Հաստատման»  Կ՛ըսէ Աքար

«Մենք Կը Նպաստենք Ազրպէյճանի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման» Կ՛ըսէ Աքար

Մենք կը նպաստենք Ազրպէյճանի մէջ, Լիպիոյ մէջ, Քաթարի մէջ եւ այլուր խաղաղութեան հաստատման. «Երկիր» կը հաղորդէ, որ Կեսարիոյ մէջ Աֆղանիստանէն տարհանման աշխատանքներ կատարած անձնակազմի անդամներու դիմաւորման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: «Այս աշխատանքները կատարելու ընթացքին մենք կը յարգենք մեր դրացիներուն գերիշխանութիւնը, իրաւունքներն ու սահմանները: Մեր միակ նպատակը մեր ժողովուրդի եւ երկրի անվտանգութիւնն...

Թալեպանները Իրանին Յանձնած Են  Ամերիկեան Սպառազինութիւնը

Թալեպանները Իրանին Յանձնած Են Ամերիկեան Սպառազինութիւնը

  Ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած են լուսանկարներ Իրանի մէջ նկարահանուած` Միացեալ Նահանգներու արտադրութեան սպառազինութեան, որ հաւանաբար կը պատկանի աֆղանական բանակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Լուսանկարներէն մէկ քանին ցոյց կու տան, որ «Համվի» արտաճանապարհային մեքենաները իրանեան բանակի բեռնատարներու վրայ կ՛ուղարկուին վայր մը: Լուսանկարները առնուած են Սեմնան եւ Կերմսար քաղաքները կապող մայրուղիին վրայ: Պիսմիլլահ Խան Մոհամմատին, որ մինչ...

«Փութին Ամէն Բան Կ՛ընէ Պատերազմը Դադրեցնելու  Եւ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը  Խաղաղ Հուն Տեղափոխելու Համար»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քիեւին Զինուորական Օգնութիւն Ցուցաբերելու` Միացեալ Նահանգներու Ծրագիրները Կրնան Վտանգաւոր Ըլլալ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քիեւին զինուորական օգնութիւն ցուցաբերելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները կրնան Ուքրանիոյ անկանխատեսելի գործողութիւններու պատճառ ըլլալ երկրի հարաւ-արեւելքին մէջ տագնապի ուժային լուծման փորձերու առումով: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Ատիկա շատ վտանգաւոր է», Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է ան: Մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը` Փեսքով նշած է, որ Քրեմլինի մէջ եւս...

Page 321 of 883 1 … 320 321 322 … 883

Արխիւներ