Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է Օգնելու Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Բարելաւման»

Սեպտեմբեր 3, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է օգնելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Զախարովա այս մասին յայտնած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան նշած է, որ Մոսկուան դրական ազդակներ կը տեսնէ երկիրներուն միջեւ:

«Մենք արձանագրած ենք վերջերս դրական ազդակներու փոխանակում Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ. նկատի ունիմ` արձանագրած ենք այն ծիրին մէջ, որ մենք զանոնք տեսած ենք եւ հաշուի առած ենք: Մենք հիմա ալ պատրաստ ենք ամէն կերպով նպաստելու երկու դրացի պետութիւններու մերձեցման` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ եւ հաշուի առնելով իրարու շահերը», ըսած է Զախարովա:

«Սփութնիք Արմենիա» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է. «Անցեալին մենք անմիջական մասնակցութիւն ունեցած ենք համապատասխան միջնորդական ջանքեր գործադրելու հարցին մէջ, նպաստած 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ այսպէս կոչուած «Ցիւրիխեան արձանագրութիւններ»-ու ստորագրման», յիշեցուցած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, արձանագրութիւնները առանց նախապայմաններու փուլային բարելաւում կը նախատեսէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ` աւելցնելով, որ այն ժամանակ Ռուսիան գործօն եւ արդիւնաւէտ դեր խաղացած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ կողմերը այդպէս ալ չիրագործեցին այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած էին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: Սակայն, անոր համաձայն, ատիկա իւրաքանչիւր պետութեան կամքն էր:

«Մենք այսօր ալ պատրաստ ենք աջակցելու երկու դրացի պետութիւններու մերձեցման` փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու շահերը հաշուի առնելու հիման վրայ», նշած է Զախարովա:

«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը մնայ Մոսկուայի ուշադրութեան կեդրոնը: Ասիկա նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի քաղաքականութեան կեդրոնական նիւթն է` բարձր մակարդակով: Մեր հիմնական ջանքերը կեդրոնացած են եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման վրայ: Առաջնահերթութիւններէն են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծումը, հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութեան նուազեցումը, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը», շեշտած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան կ՛աջակցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ունեցած լիազօրութեան եւ նոր շրջանային իրականութիւնը պատշաճ հաշուի առնելու հիման վրայ աշխատանքի վերականգնման:

«Մենք կը գտնենք, որ եռեակը կրնար նպաստել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան մակարդակի բարձրացման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման, եւ ատիկա նախադրեալ պիտի ըլլար արդէն քաղաքական խնդիրներու լուծման անցում կատարելու համար», ըսած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Թալեպանները Զինուորական Գործողութեան Պիտի Սկսին Փանժշիրի Մէջ

Յաջորդը

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Կրկնեց Սերճիօ Ռամոսի Մրցանիշը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?